Շանթ ինչպէս մարդկային իր նկարագիրով, նոյնպէս ալ իր գրականութեան ոգեղէն մթնոլորտով ընկալելի ու ընդունելի է միայն իմացական որոշ մակարդակ ունեցող, յատուկ հոգեկերտուածքի անձերու, անոնց, որոնք պիտի կրնան քալել Շանթեան անդուլ ինքնակերտումի ու անվերջ վերելքի ուղիներով՝ հասնելու համար կարելի կատարեալին։
Շանթեան գրականութեան իւրայատկութիւններէն մէկը, յատկապէս սկզբնական շրջանի գործերուն մէջ, հեղինակային Ես-ի շեշտուած դրոշմն է։ Հետագային ան կը պակսի, բայց չ’անհետանար։ Շանթ այն համոզումը ունի, որ «Գեղարուեստական երկին նիւթը ամէնէն առաջ հեղինակի ապրումներն են, հեղինակի հոգիին մէկ կտորը աւելի կամ պակաս խոշոր, աւելի կամ պակաս խոր կտրած հատուածներով» (Գր. Շահինեան, «Ձիւներն Ի Վեր», Պէյրութ, 1967, էջ11)։
Նոյն տեղը Շանթ նաեւ կը նկատէ, որ գրականութեան «միակ ու բացառիկ» նիւթը մարդն է իր ներաշխարհով։ Հոս կու գայ Շանթի հերոսներու աշխարհի ընտրութեան հարցը։ Շանթի հերոսներու աշխարհը բաղկացած է մտային ու հոգեկան միջինէն բարձր մակարդակ ունեցող, մտաւոր հետաքրքրութիւններով, ձգտումներով շրջապատէն բարձր ընտրանիէն։ Եւ իր գաղափարական աշխարհը, որ ձեւաւորուած է եւրոպական կարգ մը փիլիսոփաներու ուսմունքներու վրայ՝ չի կրնար հասու ըլլալ աւելի համեստ խաւի մարդոց։
Շանթ հեռու է կեանքի տգեղութիւնները, կեանքի մէջ եռացող մանր կիրքերն ու նաեւ ցաւերը ներկայացնելէ։ Իր ընտրածը իտէալի աշխարհն է, իր հերոսները հեղինակի նման կամքի լարումով հոգեկան ու մտային բարձունքներու ձգտող էակներ են՝ անիրականի շղարշով պատած, հեղինակի իտէալին կրողները։
Փարիզէն Թումանեանին գրած նամակի մը մէջ, յանձինս հեղինակի, կը ճանչնանք ե՛ւ «Հին Աստուածներ»ու Վանահայրը, ե՛ւ, «Կայսր»ին Օհան Գուրգէնը ու Հաննան, եւ Օշին պայլը՝ համանուն թատերգութենէն. «Վերնատունը. վեր, միշտ վեր, այդ չէ՞ր մեր Վերնատան աղուոր տեւիզը (նշանաբան)։ Օ՛, ես շատ վերերն եմ հիմա։ Վերերը ու միայնակ…Ով վերերը կը տենչայ, պէտք է սորվի վերի միայնութեանը»։ Հոս որքան էական է ու Շանթեան «վեր»ին գաղափարը, նոյնքան ալ իրական է վերը գտնուողին միայնութիւնը, որ ե՛ւ Վանահօրն է, ե՛ւ Օհանինը, ե՛ւ Օշինինը եւ վերջապէս, նաեւ՝ հեղինակինը։ Միջակէն քիչ մը վեր բարձրացած անձը նախանձի հարուածներու տակ է, իսկ աւելի վերը հասածը դատապարտուած է մնալ չհասկցուած ու միայնակ։ Շանթի գրականութեան մէջ այս ընդհանրական գաղափարը որոշակի տեղ ունի։ Այն կը գտնենք նաեւ Թումանեանի «Վայրէջք» քերթուածին ու կարգ մը քառեակներու մէջ։ Տպաւորիչ է գեղանկարիչ Եղիշէ Թադէոսեանի «Հանճարն ու Ամբոխը» կտաւը։ Նոյն գաղափարը կը բերէ նաեւ Թէքէեանի «Բարձրացում» քերթուածը.
Հաւատալով, թէ կրնաս, օ՜ն, բարձրացի՛ր, քա՛ջ տղաս,
Սակայն քանի վեր ելլես, պիտի մսիս ու դողաս,
Մնաս մինա՜կ, խե՜ղճ տղաս…
Շանթ իրապաշտներու նման չի ներկայացներ «կեանքը ինչպէս որ է», այլ կը ստեղծէ իր իտէալին համապատասխանողը, իր երազելին։ Իսկ այդ երազելին, որ նաեւ Շանթի անձնական կեանքն է՝ անվերջ բարձրացում, ազնուացումի ջանքն է, ինքնակերտումը։ Հետեւաբար Շանթի գործերը ընթերցողը կը մղեն դէպի բանական կեանք, դէպի կամքի լարումով բարձրագոյն արժէքներու հասնիլը, ազնուանալը, վեհ գաղափարներով համակուիլը ու գեղեցիկ կեանքով ապրիլը։
Շանթի վէպերուն եւ թատերգութիւններուն մէջ արծածուող նիւթերը բազմազան են, բայց միշտ կ’ընթերցուին հաճոյքով՝ երկի տարածքին իշխող վսեմ իտէալներու, ազնիւ մղումներու, մաքուր ու բարձրացնող սիրոյ, գաղափարական նուիրումի, փիլիսոփայական խոհերու շնորհիւ։
Շանթեան հերոսներու մէջ ընդհանրական յատկանիշ է գեղեցիկի փնտռտուքը, գաղափարական կեանքի ձգտումը, կեանքի պայքարը՝ միշտ բարեխառնուած երազով։ Ձգտողներ են բոլորը, որ իւրաքանչիւրի պարագային կրնայ այլ ըլլալ, բայց նոյնիսկ ժխտական հերոսները, որոնք անոր գրականութեան մէջ շատ չեն, իրենց նկարագիրին համապատասխան ունին կեանքը իմաստաւորելու, նպատակի մը հասնելու ձգտում։
Իւրայատուկ են Շանթեան կնոջական տիպարները, թէ՛ վէպերու եւ թէ թատերգութիւններու մէջ։ Անոնք նախ խոր սիրող ու նուիրուող կիներ են։ Բայց Շանթի ստեղծագործութեան մէջ սէրը նոյնպէս կը մնայ գեղեցիկ երազ, անհասանելի ու ձգտում, միշտ հոգիի ծարաւ, հետեւաբար դրական կին տիպարները այր մարդու համար կը մնան հեռաւոր ու անհաս իտէալ։ Սակայն անոնք իրենց գոյութեամբ իսկ յաճախ այրերուն թեւ տուող, անոնց բարձրացումին ամէն կերպ նպաստող ու անոնց դէպի ոգեղէն բարձրունքներու եւ կեանքի պայքարին մէջ յաղթանակներու մղողներ են (Ստեկըն («Կինը»), Հաննա («Կայսր»), Ռիթա («Օշին Պայլ»), Լուիզ («Դուրսեցիներ»)։ Եւ ընդհանրապէս Շանթ սիրոյ դերը կը տեսնէ մարդս բարձրացնելու եւ ազնուացնելու մէջ։
Շանթի մուտքով հայ թատրոնը նոր մակարդակի բարձրացաւ։ Իրմէ առաջ հայ կեանքին մէջ թատերագիրներ ունինք, որոնց մեծ մասին քով իշխած է գաղափարը՝ արուեստը մղելով երկրորդ տեղը։ Շանթի անմիջական նախորդներու մէջ իբրեւ թատերագիր ամէնէն երեւելի անունը Շիրվանզադէն է, որ մնաց զուտ իրապաշտութեան սահմաններու մէջ, առանց կեանքի չոր իրականութեանց խառնելու նաեւ հոգեբանական նրբութիւններ ու երազ։ Շանթ բոլորովին նոր հուն բացաւ հայ թատերագրութեան մէջ, մօտեցնելով զայն իր ժամանակի եւրոպական թատրոնի մակարդակին։ Շանթ բուռն ներշնչանքն ու խոր բանականութիւնը բարեխառնած, կը ստեղծէ կիսաիրական աշխարհ մը, ուր նոյնպէս հերոսները մշտական որոնումներու, բանականութեան ու զգացումի, մտքի ու կիրքերու բախումներու մէջ են։ Իր թատերգութիւններուն մէջ մեծ տեղ ունին խորհուրդը, երազը, բանաստեղծականութիւնը, հերոսներու գործողութիւններու շարժառիթներու հոգեբանական նուրբ ու ծածուկ ծալքերուն մէջ խորացումները։ Նիւթերը առնելով ընդհանրապէս հայ կեանքէն, Շանթ իր թատերգութիւններուն մէջ կը ներկայացնէ համամարդկային հարցեր, հոգեբանական վիճակներ, փիլիսոփայական խնդիրներ, միշտ արուեստի բարձր մակարդակով։
Շանթի գործերը ընթերցողը կրնայ անակնկալի գալ, հանդիպելով լեզուական իւրօրինակ կերպի մը, զոր հեղինակի ստեղծած ինքնուորոյն համաձուլումն է մեր լեզուի երկու ճիւղերուն։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան
(շար. 7 եւ վերջ)
(շար. 7 եւ վերջ)