Հերոսին Ուղեւորութիւնը
Ամերիկացի առասպելաբան Ճոզէֆ Քեմփպէլ, Եունկէն մօտ կէս դար ետք, յաջողած է անոր սկզբունքներուն հիման վրայ, հազարաւոր առասպելներ ի մի բերելով, գտնել «Հերոսին Ուղեւորութիւնը», այլ խօսքով՝ առասպելական հերոսին էութիւնը եւ անցած հանգրուանները բացայայտող տեսութիւն մը։ Մանրամասնենք Քեմփպէլի «Հերոսին Ուղեւորութիւնը», որովհետեւ յաջորդիւ բազմիցս պիտի անդրադառնանք անոր։ Պարզաբանելու համար, իբրեւ օրինակ պիտի առնենք «Սասնայ Ծռեր» աւանդավէպի Սանասար ու Պաղտասարին ճիւղէն հրեղէն ձին բերելու բաժինը։ Ըստ Ճոզէֆ Քեմփպէլի, հերոսին ուղեւորութիւնը կ’ընթանայ երեք հիմնական փուլերով՝ իւրաքանչիւրը իր ենթաբաժանումներով
Առաջին փուլը բաժանում կը կոչուի։ Հոս՝ պատումին սկիզբը, կը գտնենք հերոսին բնականոն կեանքէն պատկերներ։ Հերոսը՝ ըլլայ սովորական ռամիկ մը, զինուոր մը, ազնուական կամ թագաւոր մը, ամբողջովին միաձուլուած է իր շրջապատին հետ եւ կ’ապրի անոր օրէնքներով ու բարքերով։ Նոյնիսկ եթէ անոր պայմանները անբնական ըլլան, ինք ամբողջովին համակերպած կ’ըլլայ անոնց։ Օրինակ՝ «Սասնայ Ծռեր»ուն մէջ, երբ կը հանդիպինք Սանասարին ու Պաղտասարին, անոնք ամբողջովին համակերպած են իրենց կեանքին հետ, սովորական երկու եղբայրներու պէս կը հետեւին իրենց մօր խրատներուն, կը նեղանան անոր նեղութեամբ ու կը զբաղին կենցաղային հարցերով։ Սակայն վրայ կը հասնի կոչումը։ Կոչումը կրնայ ըլլալ ստեղծուած անբնական պայման մը, որ կը ստիպէ հերոսը լքելու իր առօրեան։ Երբեմն արդիւնք կ’ըլլայ մարդկային բախումներու, կամ բնական պայմաններու, երբեմն ալ ուղղակի ձայն մը կը լսէ կամ տեսիլք մը կ’ունենայ։ Ասոնք կարելի է անուանել ուղղակի կոչում։ Կարգ մը պատումներու մէջ կը գտնենք նաեւ անուղղակի կոչումը։ Կրկնուած նիւթ է հեքիաթներուն մէջ այն իշխանը կամ որսորդը, որ որսի ատեն եղնիկի մը, կամ ձիու մը ետեւէն երթալով ինքզինք կը գտնէ գերբնական պայմաններու մէջ (հոս միջանկեալ յիշենք, որ մեր ժողովրդական աւանդութիւններուն մէջ եղնիկն ու ձին մուրազ կը խորհրդանշեն)։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր պատմութեան հերոսն է. իսկական կեանքին մէջ ալ կը տեսնենք այս երկու տարբերակները։ Ոմանք յստակ կոչում մը կ’ունենան այս կեանքին մէջ, կարծէք վերուստ եկած ուժ մը իրենց կը թելադրէ թէ ի՛նչ պէտք է ընել, ուրիշներ՝ հետեւելով իրենց հետաքրքրութիւններուն, տեղէ-տեղ անցնելով վերջ ի վերջոյ կը գտնեն իրենց կոչումը։ Սանասարն ու Պաղտասարն ալ, մղուելով ձի մը ունենալու փափաքէն, փնտռտուքի կ’ելլեն։ «Հրեղէն էին, գիտէին, որ ծովու ձի կայ», կ’ըսուի աւանդավէպին մէջ։ Անոնք իրենց մէջէն բխող կոչումին ուժով գիտէին, որ պէտք է նետուիլ ծովուն մէջ, հասնելու համար մուրազին։ Ահա ա՛յս է կոչումին գաղափարը։
Կոչումին սակայն, այդ պարզութեամբ չեն ենթարկուիր, այլ անոր կը յաջորդէ տատամսումը։ Հերոսները յաճախ կասկածով կը մօտենան իրենց կոչումին, երբեմն նոյնիսկ կը խուսափին անկէ, ինչպէս Աստուածաշունչի Յովնան մարգարէն, որուն Աստուած կը թելադրէ քարոզել հեթանոս ժողովուրդներուն, սակայն ան կը փախչի իր աստուածատուր կոչումէն ու նաւ նստելով կը փորձէ հեռանալ։ Սանասարի պարագային, իր երկրորդ եսը ներկայացնող Պաղտասարն է, որ կը տատամսի, կը մերժէ ծովը նետուիլ՝ «Հոգին քաղցր է» ըսելով։ Միշտ վրայ կը հասնի գերբնական օգնութիւնը։ Ահա թէ ի՛նչ կ’ըսէ մեր աւանդավէպը «Աստծու հրամանքով ծով բացուեց, Սանասարի աչից առջեւ էղաւ չոր գետին»։ Սանասար երբ ծով կը նետուի, աստուածային միջամտութեամբ է, որ ծովը իր աչքին առջեւ կը բացուի եւ կը պար-զուի այն բացատը, ուր պիտի ընթանան յառաջիկայ դէպքերը։ Այսպիսով, հերոսը կ’անցնի շէմքէն եւ կը մտնէ կէտձուկին փորը (զոյգ արտայայտութիւններն ալ Քեմփպէլինն են)։ Շէմքէն անցնիլ կը նշանակէ լքել բնական աշխարհը եւ մուտք գործել գերբնական աշխարհ, որ յաճախ ստորգետնեայ կ’ըլլայ, մուտքը՝ քարայր մը կամ ծով մը։ Քեմփպէլ գերբնական աշխարհը նաեւ կոչած է «Կէտձուկին փորը», ներշնչուելով Աստուածաշունչի Յովնան մարգարէի կէտձուկի փորին մէջ մնալու պատմութենէն։ Այս պատճառով ալ առաջին փուլը կոչուած է «բաժանում», որովհետեւ այս փուլի աւարտին հերոսը ամողջովին կը բաժնուի առաջուան իր բնականոն կեանքէն։
Երկրորդ փուլը կարելի է անուանել հերոսին մկրտութիւնը։ Հերսոը կը գտնուի գերբնական աշխարհին մէջ, հոս ան պիտի անցնի բազմաթիւ փորձութիւններու ճամբէն, պիտի հանդիպի դիցուհիին հետ, ինչպէս Սանասար կը հանդիպի Մայրիկ Աստուածածնին հետ, որ իրեն ուղղութիւններ կու տայ, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, հասնելու համար իր նպատակին։ Այս բոլորէն ետք, հերոսը անպայման նաեւ կ’անցնի աշխարհիկ գայթակղութենէն։ Մայրիկ Աստուածածինը շատ յստակ ըսած էր Սանասարին, որ պահարանին մէջ պիտի գտնէ զրահ ու սուր, սակայն ըսած էր նաեւ, որ նախ պէտք է աղբիւրին ջուրով լոգնայ, որպէսզի անոնք յարմարին իրեն։ Սակայն Սանասար նախ կասկածամտութեամբ կը մօտենայ երազին, ապա երբ պահարանին մէջ կը գտնէ զրահը, առանց աղբիւրին ջուրով լոգնալու ուղղակի կը փորձէ հագնիլ զրահը, որ իր չափէն շատ աւելի մեծ էր։ Անոր կասկածամտութիւնն ու հապճեպով զրահաւորուելու բուռն փափաքը իր աշխարհիկ բնոյթին արդիւնք են։ Ապա կու գայ ամէնէն տրամաթիք պահը՝ քաւութիւն եւ հաշտութիւն վերին ուժերու հետ։ Մեր պատմութեան մէջ վերին ուժերը ներկայացնողը հրեղէն ձին է՝ Գուրկիկ Ջալալինը։ Ան վերջին քննութեան կ’ենթարկէ հերոսը, որ յաջողելէ ետք կ’արժանանայ փառաբանութեան, հերոսը կը զինուի իր նոր զրահներով։ Հոս կ’արժէ նաեւ նշել, որ զրահն ու վահանը յաճախ գիտութեան ու լուսամտութեան փոխաբերութիւն են, որովհետեւ կեանքի մէջ իսկական զրահը, որ մեզ կը պաշտպանէ ամէն վտանգի դէմ մեր մտքերու լուսաւորութիւնն է։ Այս փուլի աւարտին հերոսը կ’արժանանայ կատարեալ Ֆ։ Հոս տպաւորիչ պատկեր է, թէ ինչպէս հրեշտակները երկինքէն իջնելով Սանասարին թեւին կը կապեն Խաչ Պատարագին՝ հերոսին տրուած շնորհքներու ամբողջացումը։
Երրորդ փուլը բնականաբար պիտի ըլլայ վերադարձը։ Շատ յաճախ կը հանդիպինք հերոսներու, որոնք կը փափաքին մնալ գերբնական աշխարհին մէջ։ Անոնք կը մերժեն վերադարձը, կը մղեն կախարդական կռիւ եւ անգամ մը եւս օգնութիւն կը ստանան գերբնական ուժերէ։ Սանասարի պարագային չունինք վերադարձի մերժումը, որովհետեւ անոր երկրորդ եսը՝ Պաղտասարը կը սպասէ իրեն։ Կարելի չէ նաեւ անտեսել աւանդավէպին ազգային բնոյթը։ Ի վերջոյ ասիկա ազգային հերոսներու մասին պատում մըն է եւ անոնք ոչ միայն չեն մերժեր վերադարձը, այլ անհամբեր են տեղ հասնելու եւ իրենց ժողովուրդին օգնելու, որովհետեւ դէպի արկածախնդրութիւն իրենց մղումը առաջին հերթին զուտ անձնական չէ եղած։ Հետաքրքրական է, թէ վերադարձի շէմքը ինչպէ՛ս կը կտրէ հերոսը։ «Էլի ճամբին ծով բացուեց,/ Մէկ էլ տեսաւ ծովու էրես,/ Դուրս էլաւ, որ գայ աղբօր մօտ»։ Ի տարբերութիւն առաջին անգամուան, այս անգամ հերոսը շէմքը կ’անցնի իր նոր կարողութիւններուն շնորհիւ եւ ոչ գերբնական ուժի մը միջամտութեամբ։ Այլ խօսքով հերոսը այլեւս երկու աշխարհներու տէրն է, անոր կ’ենթարկուին բնական ու գերբնական աշխարհները։ Եւ ահա, փորձութիւններու ճամբէն անցած ու վերադարձած հերոսը ունի կատարեալ ազատութիւն ոչ միայն իր կեանքը ապրելու, այլ նաեւ իր շրջապատին համար ստեղծելու նոր ու բարենպաստ պայմաններ։
Այս է հերոսին ուղեւորութիւնը, որուն պիտի հանդիպինք բազմիցս յառաջիկային։ Պիտի փորձենք միասնաբար պեղել մեր ազգային աւանդավէպերուն ու առասպելներուն աշխարհը, լաւապէս հասկնալու համար, ամէն բանէ առաջ՝ մենք զմեզ։ Գիտական ուսումնասիրութիւն մը չէ այս, այլ վերընթերցում մեր ազգային արժէքներու կորիզը կազմող պատումներուն։
Յուշիկ Ղազարեան