Խօսիլ S-400 հրթիռներու մասին, կը նշանակէ խօսիլ աշխարհի օդային պաշտպանութեան մէջ կիրառուող ամենազարգացած, ամենաճշգրիտ եւ հզօր համակարգներէն մէկուն մասին։
Զինուորական մասնագէտ չեմ, սակայն կ’ուզեմ բաժնեկցիլ մտահոգութիւններս այս հրթիռներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան այսպէս կոչուած սթրաթէժիական (ռազմավարական «Գ.») դաշնակից, պաշտպանողական եւ անվտանգութեան նոյն համակարգի մէջ գտնուող մեր գործընկերը յամարուող Ռուսաստանի դաշնութեան շուրջ։
Մօտաւորապէս 2 տարիէն աւելի է, որ ռուս-թրքական սիրաբանութիւն մը գոյութիւն ունի։ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած անյաջող կամ ստեղծուած յեղաշրջման թատրոնէն ետք։
Թուրքիան եւ կամ ալ որոշ թելադրութիւններով՝ ինչ-ինչ պատճառներով՝ իր իսկական վարպետներէն ստացած հրահանգներով՝ փորձեց եւ կը փորձէ մօտենալ ռուսական ժամանակակից կայսրութեան։
Այս մօտեցումը ռուսական տեսանկիւնէ դիտուած շատ շահեկան եւ ձեռնտու է։ Նախ Ռուսասիա դէպի եւրոպա երկարաձգուած «հարաւային հոսք» կազամուղի նոր տարանցիկ ճանապարհ սկսաւ կառուցել, թրքական ծովու եւ հողերու վրայ եւ Թուրքիոյ հետ համագործակցելով։ Փորձեց ձեւով մը «Ասթանա»ի երդիքի ներքեւ Թուրքիոյ հետ՝ Սուրիական հիմնահարցին շուրջ հասնիլ ընդհանուր յայտարարներու, չնայած այդ ճամբան լեցուն է շատ խոչընդոտներով ու ականներով։ Ամենակարեւոր հանգամանքներէն մէկը այն է, որ երբ 2023-էն ետք՝ թրքական ջրանցքներու կարգավիճակը «Լոզան»ի պայմանագիրի 100-ամեակէն ետք, պիտի վերանայուի։ Ռուսասիա խստօրէն հետաքրքրուած է այս կենսական ջրանցքի ապահովութեան ու անխափան աշխատանքի հարցերով եւ միշտ կը փորձէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները չսրելու ճանապարհ ընտրել։
Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի S-400 օդային հրթիռներու հարցին, այս հրթիռները՝ եթէ տեղակայուին Թուրքիոյ տարածքի վրայ, շատ լուրջ վտանգ պիտի սպառնայ հայկական օդուժի անխափան թռիչքին եւ ապահով աշխատանքին այդ նոյնիսկ հոգեբանական եւ ճարտարարուեստական մեծ առաւելութիւն մը պիտի տայ Կովկասի հիւանդ երկրի՝ Ատրպէյճանի բռնապետական համակարգին։
Ուստի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան վրայ՝ մեծ գործ եւ պատասխանատուութիւն կ’իյնայ այս հարցին առնչութեամբ, որ այս գործառքի իրականացման պարագային, պէտք է կէտով մը ամրագրուի այս մէկը, որ այս հրթիռները զուտ Թուրքիոյ օդային տարածքի պաշտպանութեան համար պիտի օգտագործուին եւ յատկապէս այդպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ երբ թրքական եւ ազերիական բանակները հայկական բռնագրաւուած Նախիջեւանի տարածքի վրայ միասին կը կազմակերպեն զինամարզութիւններ եւ զինափորձեր, ձեւով մը մեզի սպառնալիք պարունակող նամակներ ուղարկելով։
Սակայն՝ ինչպէս գիտենք, ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը շատ լուրջ ձեւով սպառնաց Թուրքիոյ կառավարութեան եւ անոր ներկայացուց վերջնաժամկէտ մինչեւ Յուլիսի վերջը, որ Թուրքիա ճշդէ իր դիրքերը ռուսական S-400-էն եւ ամերիկեան «Փաթէրիոթ»ներէն, որոնցմով պիտի փորձէ պաշտպանել իր օդային տարածքները։
Կը կարծեմ, որ Էրտողան վերջին վայրկեանին կտրուկ շրջադարձ պիտի կատարէ, որովհետեւ ան չի կրնար ամերիկեան եւ իսրայէլեան զինք նշանակող ուժերու դէմ ելլել եւ կը կարծեմ, որ պիտի հրաժարի S-400-ներու տիրանալու հզօր երազէն, ինչպէս որ, ժամանակ մը առաջ, դարձեալ ամերիկեան ճնշումներու ներքեւ, հրաժարեցաւ չինական հրթիռներու եւ չինական մարտական ճարտարարուեստի տիրանալու թուրանական հիւանդ մարմաջներէն։
Իսկ մեզի, իբր հայեր, կը մնայ զգոյշ ըլլալ այսպիսի մեծ թակարդներէն։ Մեզի կը մնայ զարգացնել մեր զինուորական ռազմապահեստը, որու գիտական հիմքը եւ փորձառութիւնը կը կարծեմ գոյութիւն ունին մեր երկրի մէջ։
Իսկ կեանքի մէջ դաշնակիցներ, գործընկերներ անպայման, որ պիտի ունենանք, մեր շահերը չզիջելով մեր դաշնակիցներուն, որոնք յաճախ մեզ խոր հիասթափութեան կը մատնեն։ Վերջին փաստը Պելառուսիոյ կեցուածքն էր մեր երկրի նկատմամբ։
Հայաստանը միայն իր զաւակներու բազուկներով ուժեղ է, այս է ամենամեծ խորհուրդը եւ իմաստը մեր դարաւոր պատմութենէն մեզի հասած…։
Յակոբ Նալպանտ-Տլտեան