«Ազդակ».-Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019-ին, «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան եւ Հըզպալլայի ուսանողական-երիտասարդական վարչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Այցելութիւնը նախաձեռնած էին Հըզպալլայի ներկայացուցիչները` նպատակ ունենալով վերահաստատել երկու կուսակցութիւններու եւ միութիւններուն միջեւ նախապէս ի գործ դրուած դաշինքն ու գործակցութիւնը ուսանողական, երիտասարդական եւ յատկապէս համալսարանական օրակարգերու շուրջ:
Երկու ժամ տեւած հանդիպման աւարտին, երկու միութիւններու ներկայացուցիչները որոշեցին աշխուժացնել միջկուսակցական աշխատանքները` հիմնակէտ ունենալով զուտ երիտասարդական եւ ուսանողական օրակարգեր իրագործել: