Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան անձնակազմին հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ մենք բազմիցս ըսած ենք, որ կողմերը` Հայաստանն ու Արցախը, արդիւնաւէտօրէն պաշտպանուելու համար բաւարար ներուժ եւ սպառնալիքի լեզու ունին, սակայն սպառնալիքով պիտի չաշխատինք:
Ապա աւելցուց.«Չի կրնար նման բան ըլլալ: Եւ այդ առումով վտանգներու նուազեցման ուժեղացումը կը մնայ չափազանց էական գործօն: Նոյնը կը վերաբերի այն միջավայրին, որուն մէջ այս գործընթացը տեղի կ’ ունենայ, յատկապէս մարդկային շփումներու մէջ: Կարելի չէ ատելութիւն, կարելի չէ ատելութեան հռետորաբանութիւն, հայատեացութիւն սերմանել, եւ այս բոլորին լոյսին տակ կարելի է արդիւնաւէտօրէն դէպի յառաջ եւ խաղաղ գործընթացի մէջ շարժիլ»:
Նախարարը կարեւոր համարեց նման բաց ձեւաչափով խորհրդակցութիւններու իրականացումը, որ լաւ կարելիութիւն է երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ միտքերու փոխանակում կատարելու եւ հետագայ քայլերը ուղենշելու համար: Իր խօսքին մէջ նախարար Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մասիս Մայիլեանին երկու գերատեսչութիւններուն միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ գործակցութեան համար:
Նախարար Մնացականեան Արցախի ԱԳՆ անձնակազմին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շուրջ զարգացումները, եւ այդ գործընթացին մէջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները: Այս առնչութեամբ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը յայտնեց, որ Արցախը, որպէս հակամարտութեան կողմ, որոշիչ ձայն եւ ներգրաւուածութիւն պէտք է ունենայ կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Այնուհետեւ նախարարը պատասխանեց հանդիպումին մասնակիցներուն տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգին առնչուող բազմաթիւ հարցերու, ներկայացուցած է անոնց մասին Հայաստանի մօտեցումները եւ դիրքորոշումը: