«Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան լրագրողներու հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնած է. «Մենք սերտ գործակցութեան մէջ ենք ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հետ»:
Անոր համաձայն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն առաջ եւ յետոյ երկու գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկումներ կատարած են: Մ. Մայիլեան աւելցուցած է.«Մենք մշտապէս կարեւոր համարած ենք Արցախի մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին։ Սա մեր օրակարգային հարցերէն է: Ուրախալի է, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները աւելի գործուն են հարցը առաջ տանելու իմաստով, եւ համոզուած եմ, որ այս գործընթացը իր դրական արդիւնքը կ’ունենայ» :
Խօսելով Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման մասին, Մ. Մայիլեան մասնաւորապէս ըսած է. «Տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը մեր առաջնահերթութիւններէն է. չէ՞ որ Շահումեանի, Մարտունիի, Մարտակերտի որոշ հատուածներ տակաւին Ատրպէյճանի իշխանութեան ներքոյ կը գտնուին: Մենք ժամանակ առ ժամանակ այդ հարցը պիտի բարձրացնենք` հանրային հնչեղութիւն տալու համար անոր: Թող ոչ ոք մտածէ, որ իրենց տարածքային ամբողջականութիւնը աւելի կարեւոր է, քան Արցախինը: Մենք հետամուտ ենք, որ Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնի: Եթէ որոշ մարդոց համար սա միայն տարածք է, մեզի համար հայրենիք է, որ ամրագրուած է Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ»: