ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանի համաձայն, երկրի մէջ սահմանադրական ճգնաժամ գոյութիւն չունի, արհեստածին երեւոյթ է, զոր օրակարգի մէջ դրած են մարդիկ, խումբեր` փորձելով արժեւորել իրենց նեղ քաղաքական խմբային շահերը:
Լրագրողներու հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Մինասեան ըսաւ.«Չկայ սահմանադրական ճգնաժամ, կայ պարզ, տարրական, մարդկային, նուազագոյն, իրաւական գիտելիքներու տիրապետելու կամ առնուազն անոնցմով առաջնորդուելու ճգնաժամ: Մարդիկ չեն ուզեր իրենց մտաւոր կամ նուազագոյն գիտելիքները զարգացնել` կարդալու, հասկնալու, ըմբռնելու, որովհետեւ իրենց նեղ խմբային, անձնական շահը կուրացուցած է անոնց միտքի պարզագոյն տրամաբանութիւնը»:
Մինասեանի խորին համոզումով, դատական համակարգը, մասնաւորապէս Սահմանադրութեան Դատարանը, այսօր շատ աւելի անկախ է, քան այն որ էր մինչեւ 2018, կամ ինչ որ պիտի ըլլայ եթէ այս իշխանութիւնը ձեւաւորէ դատական նոր համակարգ։ Գոյութիւն ունի յստակ ձգտում` վերացնելու դատական այս համակարգը, գոյութիւն ունի Սահմանադրական Դատարանի դիմադրութիւնը իշխանութեան ցանկութեան համաձայն: Սա անկախութեան աւելի առարկայական դրսեւորման կ՚առաջնորդէ»:
Ըստ ՀՅԴ գործիչին, Վահէ Գրիգորեան իր յայտարարութեամբ խախտած է թէ՛ օրէնք, թէ՛ Սահմանադրութիւն: «Ինչու՞ պէտք է Հրայր Թովմասեան հրաժարական տայ, չեմ գիտեր: Ինք դադրած է կուսակցական գործունէութեամբ զբաղելէ», շարունակեց Մինասեան: