ՏԵՂԱԿԱՆ
ՀՄԸՄ-Ի ՊԱՍՔԵԹԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ՓՈՔՐԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԸ ՀԱԼԷՊԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Անցեալ շաբթուան աւարտին, իր աւարտին հասաւ Հալէպի պասքեթի աղջկանց փոքրերու մրցաշարքը, ՀՄԸՄ-ի աղջիկներու ախոյեանութեամբ: Սոյն մրցաշարքին մաս կազմեցին ՀՄԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի, Ճալաա-ի եւ Հուրիէի խումբերը: Ինչպէս ամիսներ առաջ կայացած երթի փուլին, նոյնպէս ալ դարձի փուլին ախոյեան խումբը պարտութեան մատնեց իր բոլոր մրցակիցները հետեւեալ արդիւնքներով. ՀՄԸՄ-Ճալաա 66×52, ՀՄԸՄ- Հուրիէ 41×40, ՀՄԸՄ- ՀԵԸ 58×39: Աւարտին կազմը տիրացաւ ախոյեանութեան բաժակի:
ՀՈՄՍԻ ՈՒԱՍՊԷՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱԿԻՆ 
Ուրբաթ երեկոյեան Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ հանրապետութեան ֆութպոլի նախագահի բաժակի աւարտական մրցումը Ուասպէ եւ Թալիաա խումբերուն միջեւ: Մրցումին առաջին կիսախաղը ընթացաւ հանդարտ, եւ մրցակից խումբերու պաշտպանողական խաղարկութեամբ: Դադարէն ետք ընթացքը փոխուեցաւ, եւ յարձակողական խաղացողները աւելի առաջ անցնելով վտանգի ենթարկեցին դարպասները։ 60-րդ վայրկեանին Թալիաան նշանակեց իր առաջին կոլը, որմէ քանի մը վայրկեան ետք արդէն Ուասպէն արձանագրեց հաւասարութիւնը: Մրցումի հիմնական ժամանակը 1-1 հաւասար աւարտելով, խումբերը դիմեցին յաւելեալ ժամանակի խաղարկութեան, որու ընթացքին Հոմսի կազմէն երկու խաղացողներ կարմիր քարթ ստանալով հեռացան դաշտէն, արդիւնքը դարձեալ աւարտեցաւ հաւասար: Տուգանային հարուածներու աւարտին, 6-7 արդիւնքով Ուասպէն յաջողեցաւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրանալ Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահի ֆութպոլի ախոյեանութեան:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆԸ ԿՐԿԻՆ ԴԱՐՁԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Պէլառուսիոյ մայրաքաղաք Մինսկի մէջ ընթացող Եւրոպական խաղերու վերջին օրը, Հայաստանի համար երրորդ ոսկի մետալը նուաճեց յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցաշարքի 97 քկ. կշիռքի կարգի ողոմպիական ախոյեան, աշխարհի եռակի ու Եւրոպայի քառեակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը: Եզրափակիչ մենամարտին, Հայաստանի հաւաքականի առաջատարը 5-0 արդիւնքով յաղթեց Պէլառուսիոյ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Գրաբովիկին: Արթուր Ալեքսանեանը Եւրոպական խաղերուն պայքարը սկսած էր 1/8 եզրափակիչին, ուր 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 2017 թուականի աշխարհի պրոնզէ մետալակիր վրացի Ռեւազի Նադարեիշվիլին: Քառորդ եզրափակիչին ողիմպիական ախոյեանը 3-1 արդիւնքով յաղթեց 2016 թուականի Համաշխարհային համալսարանականներու փոխ ախոյեան, երիտասարդներու մրցաշարքի աշխարհի փոխ ախոյեան, աւստրիացի Տանիէլ Գաստլին: Յիշեցնենք, որ Եւրոպական խաղերու վերջին օրը ոսկի մետալներ նուաճեցին նաեւ բռնցքամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամներ Արթուր Յովհաննէսեանն ու Յովհաննէս Բաչկովը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՌԷԱԼԸ ԼԻՎԷՐՓՈՒԼԻՆ ԱՌԱՋԱՐԿԵՑ ԱՍՏՂԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ
Սպանիոյ մայրաքաղաքի թագաւորական խումբ Ռէալ Մատրիտը, Անգլիոյ բաժակակիր Լիվէրփուլին հետ բանակցութիւններ կատարելով առաջարկած է իր խումբին միացնել յարձակողական խաղացող Սատիօ Մանէն: Ըստ The Express կայքէջին, արքայական ակումբը մտադիր է անգլիական կազմին հետ կատարել աստղերու փոխանակում։ Այսպէս, Ռէալը Անգլիա պիտի ուղարկէ իր լաւագոյն մարզիկներէն՝ Մարքօ Ասենսիոյին, փոխադարձաբար՝ Սատիօ Մանէն պիտի տեղափոխուի Ռէալ: 23-տարեկան սպանացի փոխարինման արժէքը, չի համապատասխաներ սենեկալցի մարզիկին արժէքին։ Նշենք, որ Մանէն անգլիական խումբին միացաւ 2016-ին, եւ անոր հետ մասնակցեցաւ 50 մրցումի, նշանակելով 26 կոլ։ Իսկ Մարքօ Ասենսիոն Ռէալին միացաւ 2015 թուականին, ընթացքին մէկ տարուան վարձակալական համաձայնութեամբ հանդէս եկաւ Սպանիոլի կազմին հետ։ Արքայական ակումբին հետ ան մասնակցեցաւ 44 մրցումի, նշանակելով 6 կոլ:
ԹՈԹԷՆՀԱՄԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՀԱՐԻ ՔԷՅՆԻՆ ՎԱՃԱՌԵԼ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻՆ
Լոնտոնի Թոթէնհամի նախագահ Տանիէլ Լեւինը պիտի չխոչընդոտէ խումբի անգլիացի յարձակող Հարի Քէյնի տեղափոխութիւնը դէպի Ռէալ Մատրիտ: Mundo Deportivo-ի լուրերուն համաձայն, Անգլիական ակումբի ղեկավարութիւնը ընդունած է Արքայական ակումբի ըրած 200 միլիոն եւրոյի առաջարկը: Նախապէս, Թոթէնհամը Հարի Քէյնին տեղափոխութեան համար պահանջած էր 226 միլիոն եւրօ: Տեղեկութիւններուն համաձայն, անգլիական ակումբի ղեկավարութիւնը, պահանջած է ֆութպոլիստին հետ անձնական բանակցութիւններ չկատարել: Նշենք որ Ուելզցի Կարիէթ Պէլի եւ խորվաթ Լուքա Մոտրիչին փոխանակման ժամանակ Ռէալը Թոթէնհամին հետ համաձայնելէ առաջ բանակցած էր ֆութպոլիստներուն հետ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան