Հացը ամէն մարդու կողմէ գնահատուած սնունդ մըն է եւ բազմաթիւ ժողովուրդներու սնունդին կէսը կը կազմէ։ Այնքան որ շատ ճիշդ է ժողովրդական խօսքը որ կ’ըսէ. «Կեանքը հացի պայքար մըն է»։
Արդարեւ, հացը կ’ուտենք ամէն կերակուրի հետ, ահա թէ ինչու շատ է հացին սպառումը։ Գերմանացիները հացի սպառումին մէկ մասը կը փոխարինեն գետնախնձորով։
Ո՞ր հացը նախընտրել, թա՞րմը թէ օթեկը (պայաթ)։ Որկրամոլութեամբ տարուած, շատեր պիտի ուզեն ուտել թարմ հացը, մինչդեռ մարսողական տեսակէտով մտահոգւողներ տարբեր կը խորհին, ընդունելով որ թարմ քիչ եփած հացը ծանր կու գայ ստամոքսին, մանաւանդ երբ արագ կ’ուտուի, իսկ օթեկ հացը շուտ կը փշրուի եւ ստամոքսային հոյզերու ներգործութեան դիւրաւ կ’ենթարկուի, հետեւաբար աւելի շուտ կը մարսուի։
Այս տեսակէտերը վերագնահատութեան ենթարկուած են ներկայիս, ու տարբեր կը խորհին մասնագէտները։ Օթեկ հացը կորսնցուցած է իր պաշտպաններէն շատեր։
Թարմ հացը, մանաւանդ երբ տաքցուած է, նախ կը ստիպէ անհատը, որ խնամքով ծամէ, ինչ որ կը դիւրացնէ մարսողութիւնը, երկրորդ իր նշայական տարրերը «տէքսթրին»ի վերածուելով տաքութեան ներգործութեամբ, մարսողական նուազ ջանք կը պահանջէ։ Ընդհակառակն, օթեկ հացին մէջ, տեթքսթրինը վերածուած ըլլալով նշայի, մարսողական աւելի ջանք կը պահանջէ, եթէ դիւրամարս դարձնելու համար, չտաքցուի կասկարայի վրայ։
Գալով հացին կեղեւին ու միջուկին նախընտրութեան, հարկ է գիտնալ թէ մարսողական տեսակէտէն՝ կեղեւը միջուկէն աւելի արժէքաւոր է, աւելի սննդարար է, որովհետեւ նուազ ջուր կը պարունակէ։ Այս իսկ պատճառով, սակայն, պէտք է արգիլել շաքարախտաւորներուն։
Հացին սննդական եւ մարսողական արժէքները կը տարբերին՝ ըստ անոր տեսակին։
Հէնտէր անունով հոլանտացի գիտնականի մը կատարած մանրակրկիտ քննութեանց համաձայն, հաճարի ամբողջական հացին իւրացման աստիճանն է 87 առ հարիւր, ցորենի հացին (չմաղուած ալիւրով) իւրացման աստիճանը՝ 91 առ հարիւր, ցորենի եւ հաճարի (մաղուած խառն ալիւրով) հացին իւրացման աստիճանը՝ 92.5 առ հարիւր, իսկ զուտ հաճարի (լաւ մաղուած ալիւրով) հացին իւրացման աստիճանը՝ 97.5 առ հարիւր։
Ախորժահամութեան եւ սննդարարութեան տեսակէտով՝ ամէնէն փնտռուած հացն է ճերմակ հացը, որ բարձրագոյն չափով կը մարսուի եւ կ’իւրացուի։ Բայց ճերմակ հացը ունի իր հակառակորդները, որոնք կը նախընտրեն գորշագոյն ամբողջական հացը։ Նոյնիսկ առողջաբանութեան կարգ մը մասնագէտներ կը պնդեն որ ճերմակ հացը այլասերումի կ’առաջնորդէ ցեղը։ Ամերիկացի գիտնական մը, Պրունթէր, կը հաւաստէ թէ ճերմակ հացը կարմրամորթ ցեղին ջարդարարը դարձած է, այնքան որքան ուիսքին եւ պատերազմը։
Ճերմակ հացին մասին այս ըսուածներուն չեմ հաւատար, քանի որ մարդիկ անոր պակաս ձգածը կը լրացնեն սննդական ուրիշ տարրերով։ Բայց ստոյգ է, որ ճերմակ հացը կատարեալ սնունդ մը չէ, ճերմակ հացին մէջ կը պակսին կարգ մը տարրեր, որոնք կը պատկանին կենսանիւթերու դասակարգին եւ անհրաժեշտ են մարդկային կազմին։ Փորձերով հաստատուած է, որ միայն ճերմակ հացով կերակրուած աղաւնիները անդամալուծութեան ենթարկուած են 30 օրուան մէջ, պարզապէս կենսանիւթերու պակասին պատճառով։ Կը յիշեմ սպայ մը, որ պատերազմէն ետք, խնայողութեան համար, որոշած էր ապրիլ միայն հացով եւ մէկուկէս ամսուան մէջ ենթարկուեցաւ լնդահարութեան (սքորպիւթ)։ Դարմանեցի զինք նարինջի հիւթ տալով։ Ահա, ուրեմն, ապացոյց մը որ կարելի չէ սնանիլ ու ապրիլ միայն հացով, մանաւանդ ճերմակ հացով։
Հացը նոյնիսկ վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, ծանօթանանք անոր վտանքներուն։ Ան կրնայ պատճառ դառնալ կատարեալ թունաւորումներու, եթէ ալիւրին խառնուած ըլլան կարգ մը օտար նիւթեր, ինչպէս որոմ եւ այլ բարբոսներ։ Ֆրանսայի մէջ (Ավինիոնի շրջանը) պատահեցան նման դէպքեր, նոյնիսկ մահեր։ Դարձեալ, ատենօք կապարի թունաւորման համաճարակներ պատահած են հացակերներու մօտ, այն պատճառով որ, այդ օրնրուն, ցորենը կ’աղային կապարով նորոգուած երկանաքարերու միջոցաւ։
Ժամանակ մը դիտել տրուեցաւ թէ հացը կը նպաստէ թոքախտի մանրէն փոխանցելու։ Փորձով հաստատուած է, որ հացին եփման աստիճանը բաւական չէ սպանելու թոքախտին մանրէն։ Արդ, հացի պատրաստութեան հին մեթոտով, եթէ հիւծախտաւոր է ալիւրը շաղող գործաւորը, այսինքն հացաթուխը, իր աշխատանքի պահուն կրնայ հազալ եւ օդին միջոցաւ խմորին մէջ նետել մանրէներ, պատճառ դառնալով վարակելու ուրիշներ։
Ուրիշ մանրէներ եւս, ինչպէս թիֆոյիտին մանրէն, կրնան փոխանցուիլ հացին, երբ ալիւրը շաղեն վարակեալ ջուրով։
Ահա թէ ինչո՛ւ յանձնարարելի է գործածել մեքենայ եւ ամլացած ջուր՝ ալիւր շաղելու համար։
Կան, նոյնպէս, կարգ մը խարդախութիւններ, որոնք կրնան խաթարել հացին արժէքը։ Օրինակ՝ թալք կը խառնեն ալիւրին, շատ ճերմակ հաց ստանալու համար, (բարեբախտաբար վտանգաւոր չէ, բայց հացին սննդական արժէքը կը նուազեցնէ)։
Կան նաեւ հացեր, որոնց ալիւրին խառնուած են գետնախնձորի կամ զանազան ընդեղէններու ալիւրը։ Այս հացերը եւս վտանգ չեն ներկայացներ, բայց նոյնպէս կը նուազեցնեն հացին սննդական արժէքը։
Ճշմարտութիւնը այն է որ հացին մեծագոյն վտանգը յառաջ կու գայ… հացին լաւութենէն, որովհետեւ շատ կ’ուտուի լաւ հացը։
Խելացի մարդը պէտք է գիտնայ կամ սորվի հաց ուտել՝ որքա՜ն, ո՛ր տեսակը եւ ինչպէ՛ս։
Պէտք չէ շատ ուտել, որովհետեւ շատ սննդարար է։ Ուտել երկար ծամելով, յամրաբար, գրեթէ որոճալով։ Նախընտրել շերտ շերտ կասկարայ եղած հացը, տաքուկ տաքուկ։ Կան բժիշկներ, որոնց կարգին՝ Լըփէն, որոնք մարդոց անմարսողութեան նեղութիւններուն գլխաւոր պատճառը կը համարեն հացը եւ ատոր համար կ’արգիլեն հացը։ Հաւանական է որ հացը անմարսողութիւն պատճառէ, մանաւանդ երբ շատ կ’ուտէք։ Կարելի է անմարսողութեամբ տառապողները դարմանել եւ գէրերը նիհարցնել՝ արգիլելով հաց ուտելը։
Այսուհանդերձ շատ չմեղադրենք եւ ամէն յանցանք չնետենք հացին վրայ։ Հակառակ բոլոր քննադատութեանց, հացը կը մնայ լաւագոյն, գլխաւոր եւ «հանապազորդ» սնունդը, զոր կը հայցեն բոլոր սեղան նստողները՝ երբ տէրունական աղօթքը կ’ըսեն։ Հացը կ’արդարացնէ իր համբաւը այն առողջապահական ծառայութիւններով, զորս կը մատուցանէ աղքատ եւ զրկեալ ընտանիքներուն։ Հացը կ’արդարացնէ դարերու աւանդութիւնը այն հաճոյքով, որ կը զգանք ուտելու ժամանակ։
Անշուշտ չմոռնալով հին օրէնքը.- Չափազանցութիւնը վնասակար է ամէն բանի մէջ։
Փրոֆ. Մարսէլ Լապպէ