«Ակօս».-Թուրքիոյ վճռաբեկ դատարանը բեկանած է Ահմետ Ալթանի, Մեհմետ Ալթանի եւ Նազլը Ըլըջաքի համար առաջին ատեանի դատարանին որոշած ցմահ պատժաչափը:
Վճռաբեկ դատարանը բեկանման որոշման մէջ յայտնած է, որ Ահմետ Ալթան եւ Նազլը Ըլըջաք ոչ թէ Սահմանադրական կարգը խախտած են, այլ գիտակցաբար օգնած են կիւլենականներուն: Դատարանը, բեկանելով Ահմետ Ալթանի, Մեհմետ Ալթանի եւ Նազլը Ըլըջաքի համար դատարանին սահմանած ցմահ պատժաչափը, որոշած է ազատ արձակել Մեհմետ Ալթանը, սակայն կալանքի տակ պահած է Ահմետ Ալթանը եւ Նազլը Ըլըջաքը:
Աւելցնենք, որ թուրք մտաւորականներ Մեհմետ Ալթան եւ Ահմետ Ալթան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող յայտնի գործիչներէն են եւ մշտապէս իշխանութիւններուն ճանչնալու կոչ ուղղած են:
Անոնք ձերբակալուած էին յեղաշրջման փորձէն վերջ` մեղադրուելով սահմանադրական կարգի տապալման եւ կիւլենականներուն օգնելու համար եւ դատապարտուած ցմահ բանտարկութեան: