«Արմէնփրէս».- 6 Յուլիսին Քարահունջի մէջ, պատասխանելով բնակիչներու հարցումներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ անկախ ինք ինչ պաշտօն ունի կամ տուեալ պաշտօնը ինչպիսի նկարագրութիւն ունի, անհատն է, որ այդ պաշտօնը կ’արդիւնաւորէ:
Սարգսեան ըսաւ. «Ես կ’աշխատիմ Սահմանադրութեան սահմաններուն մէջ: Եւ ,կը պարզուի, որ այդ սահմաններէն ներս բաւական շատ բան կրնաս ընել եւ, կը կարծեմ , շատ բան կրնամ ընել: Դուք կրնաք ունենալ աշխարհի բոլոր մեծ պատասխանատուութիւնները եւ կարելիութիւնները, բայց կրնաք ոչ մէկ բան ընել, կամ հակառակը` կրնաք ունենալ կարելիութիւն եւ օգտագործել»:
Նախագահը յայտնեց, որ ամէն անգամ պէտք չէ մտածել, թէ ինչ լծակ ունիս. կարեւորը նպատակին հասնիլն է:
«Իսկ իմ նպատակս շատ պարզ է, որ մեր երկիրը բարգաւաճ երկիր ըլլայ, երեխաները ուրախ ըլլան, ես իմ ներդրումս բերեմ իմ կարելիութեան սահմանիս մէջ», ըսաւ նախագահը: