Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հալէպի Մուֆթի տոքթ. Մահմուտ Աքքամ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ թեմիս նորընտիր Առաջնորդին:

Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին տոքթ. Աքքամ ջերմապէս շնորհաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանը, անոր մաղթելով բարեյաջող եւ օրհնաբեր երթ: Ան վեր առաւ Հալէպ քաղաքին իւրայատկութիւնը, յատկապէս այստեղ էական համարուող իսլամ-քրիստոնեայ սրտբաց երկխօսութիւնը եւ համայնքներու ջերմ գործակցութիւնը: Տոքթ. Աքքամ անդրադարձաւ նաեւ հայ համայնքի ստեղծագործ ներկայութեան, որուն բարենպաստ արդիւնքները մշտապէս գնահատելի համարուած են:
Իր կարգին, Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան բարի գալուստի խօսք արտասանելով յայտնեց, որ Աքքամի խօսքը իրողապէս կը վկայէ հալէպցիներուն խաղաղասիրութեան մասին: Սրբազան հայր շեշտեց նաեւ, որ սուրիահայերը մեծ երախտագիտութիւն ու սէր կը տածեն Սուրիական Հայրենիքին նկատմամբ:

Աւարտին, թեմակալ Առաջնորդը իր գոհունակութիւնը յայտնեց մտերմիկ այս տեսակցութեան առիթով:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի ներկայացուցիչներ: