Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019-ին, Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար ալ Ասատ այցելեց Սէյտնայայի Ս. Թումա վանքին մէջ Սուրիոյ Ասորի Կաթողիկէ համայնքի Երիտասարդաց Միութեան կազմակերպած բանակումի մասնակիցներուն։
Նախագահը բանակող երիտասարդներուն հետ զրուցելով ըսաւ, որ Սուրիոյ քրիստոնեաները ժամանակաւոր բնակութիւն չեն հաստատած երկրին մէջ։ Անոնք, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, իրենց իսլամ եղբայրներուն կողքին կը հանդիսանան Սուրիոյ քաղաքակրթութեան կերտիչները։ Աւելին՝ անոնք իրենց մարդասիրական եւ քաղաքակրթական առաքելութեան տէրը մնացին աշխարհի չորս ծագերուն։
Նախագահ Ասատ աւելցնելով ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ Քրիստոնէութեան արմատացումը կարեւոր է՝ սուրիական ընկերութեան բազմազանութիւնը պահպանելու եւ հաւասարակշռութիւնը ամրապնդելու համար: Պատմութեան ընթացքին, քրիստոնեաները իրենց կեցուածքով եւ ազգային գիտակցութեամբ օգնեցին, որ ձախողութեան մատնուին տարածաշրջանին դէմ հիւսուած դաւադրական բոլոր ծրագրերը։ Անոնք, մինչեւ այսօր, իրենց կառուցողական ներկայութեամբ կը շարունակեն Սուրիոյ թշնամիներուն եւ ահաբեկչութեան հովանաւոր պետութիւններուն հաւաստիացնել, որ վերջիններուս բռնատիրական բոլոր ծրագրերը ձախողութեան դատապարտուած են»:
Իր կարգին, Սուրիոյ Ասորի Կաթողիկէ Համայնքի երիտասարդները շեշտեցին, որ ամրօրէն կառչած կը մնան Սուրիական Հայրենիքին, ու որքան մարտահրաւէր դիմագրաւեն, նոյնքան պաշտպան պիտի հանդիսանան երկրին եւ պիտի սատարեն անոր վերականգնումի աշխատանքներուն: