«Արմէնփրէս».- 6 Յուլիսին Քարահունջի մէջ, պատասխանելով բնակիչներու հարցումներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ անկախ թէ ինք ինչ պաշտօն կը զբաղեցնէ կամ տուեալ պաշտօնը ինչ է, անհատն է, որ պաշտօնը կ’արդիւնաւորէ:
Սարգսեան ըսաւ. «Ես կ’աշխատիմ Սահմանադրութեան սահմաններուն մէջ: Այդ սահմաններէն ներս բաւական շատ բան կրնաս ընել եւ, կը կարծեմ , շատ բան կրնամ ընել: Դուք կրնաք վերցնել աշխարհի բոլոր մեծ պատասխանատուութիւնները եւ ունենակ կարելիութիւններ, բայց կրնաք ոչ մէկ բան ընել, կամ հակառակը` կրնաք ունենալ կարելիութիւն եւ օգտագործել զայն»:
Նախագահը յայտնեց, որ պէտք չէ յաճախ մտածել, թէ ինչ լծակ ունիս. կարեւորը նպատակին հասնիլն է:
«Իսկ իմ նպատակը շատ պարզ է՝ մեր երկիրը վերածել բարգաւաճ երկրի, ուր մանուկները ուրախ ըլլան, ես իմ ներդրումս ունենամ իմ կարելիութեան սահմանիս մէջ», յայտնեց նախագահը: