ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կայքէջը խոր կսկիծով կը հաղորդէ,  որ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեան 63 տարեկանին վաղաժամ հեռացած է կեանքէն: Ան  առաջին օրուընէ նորանկախ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հաստատման ակունքներուն տէր կանգնած է եւ իր անգնահատելի ներդրումը ունեցած է այդ գործին մէջ:

Նախարարութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է Կիրակոսեաններու ընտանիքին եւ հարազատներուն, բոլոր անոնց, որոնք կը սգան անոր կորուստը: