«Ապարաժ».- 6 Յուլիսին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս մեկնարկած է ՀՅԴ Արցախի կառոյցի Շրջանային ժողովը:

ժողովին կը մասնակցին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Արցախի շրջանաւարտ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ, պատուիրակներ ՀՅԴ Արցախի բոլոր շրջանային մարմիններէն եւ հրաւիրեալ ընկերներ:

Ժողովը պիտի ամփոփէ շրջանաւարտ Կեդրոնական Կոմիտէի գործունէութիւնը, պիտի գնահատէ քաղաքական կացութիւնը, որոշումներ պիտի առնէ յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան համար:

Ժողովի ընթացքին յատուկ քննութեան նիւթ պիտի ըլլայ յառաջիկայ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու եւ 2020թ. ընտրութիւնները:

Ժողովի աւարտին պիտի ընտրուի ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի նոր կազմ: