«Հայերն այսօր».- 30 Յունիսին, Իտալիոյ Ֆոլինիօ քաղաքի «Քարիթասի» (Caritas) կազմակերպութեամբ եւ Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանի աջակցութեամբ ու գործակցութեամբ, տեղի ունեցաւ հայ-իտալական միջմշակութային հաղորդակցութեան ձեռնարկ մը։ Հայաստանէն մասնակցեցաւ «Նուռ» նուագախումբը՝ բարեսիրական համերգով, որ տեղի ունեցաւ Սկոպոլիի բերդին մէջ:

Համերգին ներկայացուեցաւ ինչպէս հայկական, այնպէս ալ իտալական երաժշտութիւնն ու խոհանոցը։

Համերգը բարեյաջող ընթացաւ, ներկաներուն մէջ կային տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ։