«Արմէնփրէս».- ՀՀ վարչապետի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ` Աննա Յակոբեանին հետ Սինկափուրի Հանրապետութեան վարչապետ Լի Սիեն Լոնքի հրաւէրով 7 Յուլիսին պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած է Սինկափուր:

Հայաստանի վարչապետը եւ տիկին Աննա Յակոբեանն այցելած են Սինկափուրի հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, որ Սինկափուրի ամենահին քրիստոնէական կառոյցն է (1835 թ.): ՀՀ վարչապետի, Սինկափուրի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան աւագ պետական նախարար Քօ Պոյ Քունի եւ Սինկափուրի, ինչպէս նաեւ հարեւան երկիրներու ու տարածաշրջաններու` Մալիզիոյ, Ինտոնեզիոյ, Թայանտի, Հոնկքոնկի, Աւստրալիոյ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին յարակից հայկական փողոցի նորաբաց այգիին մէջ տեղի  ունեցած է «Վանտայ Միսս Ջոակիմ» խոլորձի արձանին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Արձանը կառուցուած է բարերար Խաժակ Մանուկեանի նախաձեռնութեամբ:

Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեանն այցելած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, շրջայց կատարած են հայկական ժառանգութեան թանգարանէն ներս: Վարչապետը գրառում կատարած է պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ, այնուհետեւ հանդիպած վերը նշուած պետութիւններու հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն` վարչապետը ծակեպսակ  դրած Յիշողութեան պարտէզին մէջ զետեղուած հայկական խաչքարին քով:: Պարտէզին մէջ ամփոփուած են նաեւ բազմաթիւ հայկական տապանաքարեր:

Ողջունելով ներկաները` Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Այսօր մեր հայրենակիցներուն ջանքերով յաւերաժացաւ մեր մէկ այլ հայրենակիցի վաստակը Սինկափուրի առջեւ: Գիտէք, որ Սինգափուրի ազգային խորհրդանիշ հանդիսացող ծաղիկը` խոլորձը, որ անուանուած է  մեր հայրենակիցին անունով, ստեղծած է Աշխէն Յովակիմեան, սինկափուրեան վարկածով` Ակնէս Ջոակիմը: Սա խորհրդանշական իրադարձութիւն է, որ ցոյց կու տայ  մեր ժողովուրդին ստեղծարար էութիւնը»:

Նիկոլ Փաշինեանի համաձայն, աշխարհի բազմաթիւ կողմերը կը հանդիպինք իրավիճակներու, եւ այդ երկիրներու կեանքին մէջ տեղի ունեցած, ստեղծուած խորհրդանշական կարեւորագոյն արժէքներու ետեւը կանգնած են հայերը:

Վարչապետը նկատած է նաեւ, որ Սինկափուրի մէջ իր ողջ գոյութեան ընթացքին  բնակած են  քանի մը տասնեակ հայեր, որոնք այս երկրի մէջ թողած են անջնջելի հետք:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան շրջած են նաեւ Սինկափուրի Արմէնիա հայկական փողոցը: