Այսօր՝ Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2019-ի առաւօտուն, արաբ աւետարանական երիցական համայնքի պետ՝ վերապատուելի Իպրահիմ Պշարան ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին։

Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընթացած հանդիպումին ընթացքին, ծանօթացման ու շնորհաւորական խօսքերէն ետք, կողմերը խօսեցան համայնքներու գործակցութեան հեռանկարներուն մասին։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. երեսփոխանական, կրօնական ժողովներու եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ։