Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019-ին, Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան անդամները շնորհաւորական այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեանին։

Այցելութեան ընթացքին անոնք սրբազան հօր ներկայացուցին միութեան տարած աշխատանքներն ու ներկայ մարտահրաւէրները։

Սրբազան հայրը յորդորեց յոյսով տոգորուիլ եւ պահպանել Եագուպիէի հայութեան աւանդը։