«Երկիր».- Պաշտպանութեան Նախարարութեան  տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Գաբրիէլ Բալայեան 8 Յուլիսին հանդիպած  է «Դէպի Հայք» ծրագիրի շրջանակէն 15 երկիրներէն Հայաստան ժամանած սփիւռքահայ երիտասարդներուն:

Ողջունելով հիւրերուն եւ կարեւոր համարելով տարբեր պետութիւններու մէջ բնակող հայ երիտասարդներու շփումը պաշտպանական ոլորտին հետ` Գաբրիէլ Բալայեան ներկայացուցած է հայկական բանակի գործունէութեան եւ զարգացման առաջնահերթութիւնները, զինուած ուժերու մէջ իրականացուող կրթական եւ ընկերային ծրագրերը, ռազմական գործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները:

Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալը պատասխանածէ նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներուն` զինուած ուժերու մէջ ընթացող բարեփոխումներուն եւ իրականացուող ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ սահմանային իրավիճակին վերաբերող հարցումներուն: