«Էրմէնիհապեր».-Օրերս թրքական ու ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկատուութիւն  տարածած էին` պնդելով, որ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարգօ Ուոլսթրեօմ 5 Յուլիսին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, որ «Մեր կառավարութեան համար դժուար է 1915-ը հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան տարի համարելու պնդումներու ընդունումը»,  եւ  որեւէ երկիր ցեղասպան յայտարարելու համար հիմնաւոր ապացոյցներ անհրաժեշտ են:

Շուէտի նախարարի վերոնշեալ յայտարարութեան հաւաստիութիւնը պարզելու համար Ermenihaber.am-ը հարցում  ուղարկած է Շուէտի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն, որուն ի պատասխան Շուէտի ԱԳՆ խօսնակ Էլին Թիբել  յայտնած է, որ նախարարը նման յայտարարութեամբ հանդէս չէ եկած, եւ վերոնշեալ հրապարակումները չեն արտացոլեր իրականութիւնը: Թիբել նաեւ ներկայացուցած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նախարարի խօսքին բնագիրը, որուն մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին անդրադառնալով ան մասնաւորապէս ըսած է. «Հարցը, թէ ինչպէս պէտք է որեւէ կառավարութիւն որակէ պատմական զանգուածային բռնութիւնները, կը պարունակէ միջազգային իրաւունքի, ինչպէս նաեւ սահմանադրական, քրէական եւ քաղաքական երեւոյթներ: Նախապէս բազմիցս ըսած եմ, որ սա բարդ հարց է: Մեկնելով խնդրի բարդ էութենէն` կառավարութիւնը քանի մը տարի առաջ դիմած էր փորձագէտի` հարցը ուսումնասիրելու խնդրանքով: Փորձագէտն ալ իր զեկոյցին մէջ արձանագրած է` քանի որ հարցը շատ բարդ է, ուստի կառավարութիւններու մեծ մասը  կը նախընտրէ պատմական զանգուածային այդ բռնութիւնները ցեղասպանութիւն չանուանել»:

Նշենք, որ Շուէտի խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած էր  2010 թուականին: Ի տարբերութիւն օրէնսդիր մարմինին, Շուէտի ԱԳ նախարարը թէ՛ 2018-ին, թէ՛ 2019-ին  քանի մը անգամ յայտարարած  է, որ երկրի կառավարութիւնը չի կրնար կատարուածը ցեղասպանութիւն որակել: