ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինումով, աւելի քան մէկ տասնեակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի հալէպահայ դպրեվանեցիներ` սարկաւագներ, ժառանգաւորացի եւ ընծայարանի ուսանողներ ժամանած են Հալէպ, բոլորելու իրենց ամառնային արձակուրդը եւ միաժամանակ ծառայելու Հալէպի եկեղեցիներէն ներս:
Արդարեւ, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 7 Յուլիս 2019-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, դպրեվանեցիները եկեղեցւոյ բեմին վրայ տիրական ներկայութիւն էին, մանաւանդ որ Վեհափառ Հայրապետին բառերով, «Դպրեվանքը միայն անցեալ չէ, այլ միշտ ներկայ է ու ապագայ: Ներկայ աշխարհի հրամայականները ու մարտահրաւէրները, մեր ժողովուրդին ներկայ դրուածքը, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, եւ անոր բազմազան ու այլազան կարիքներն ու սպասումները Դպրեվանքը կը մղեն ինքնաքննարկման մօտեցումով համապարփակ վերատեսութեան ենթարկելու ինքզինք` իր աշակերտական ծրագրին, ուսուցման-դաստիարակչական մեթոտներուն, հոգեմտաւոր աճման ընթացքին եւ այլ երեսներուն առնչուած խնդիրներու լուրջ ու իրապաշտ քննարկումով…»:
Սրբազան Հայրը յընթացս Ս. Պատարագին տուաւ բազմաբովանդակ քարոզ մը, որուն աւարտին, որպէս մարդակերտումի եւ ազգակերտումի դարբնոց` արժեւորեց Դպրեվանքի անփոխարինելի առաքելութիւնը հայութեան համայնական կեանքէն ներս, բարձր գնահատեց դպրեվանեցիները, որոնք գիտակցական նուիրումով լծուած են Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան, ընդգծելով որ Բերիոյ Հայոց Թեմը միշտ հաւատարմութեամբ խտացուցած է Դպրեվանքի ուսանողութեան շարքերը եւ պիտի շարունակէ նոյնպէս, եւ կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները վստահելու Դպրեվանքին, որովհետեւ Դպրեվանքը էապէս հոգեւոր ու ազգային կազմաւորման կեդրոն է, ուր հոգեւոր սպասաւորներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ ու ազգին նուիրեալ մշակներ կը պատրաստուին:
Փոխան վերջաբանի, դարձեալ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ անվարան կարելի է կրկնել. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ հաստատութիւն մը չէ: Ան էապէս ծառայութիւն է մեր ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ…»:

Հալէպ,
07/07/2019