Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան եւ համագործակցութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 154-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Փարիզի Հայ թատրոնի ընկերակցութեան յայտնաբերած թատերական գործերը», իսկ զեկուցաբերը` «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան:

Բացման ու բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան, որ ծանօթացուց Ժ. Չոլաքեանը եւ Հայ թատրոնի ընկերակցութիւնը, նաեւ հաստատեց, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը իր աշխատանքային քաղաքականութեան մէջ նկատի ունի Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր թատերախումբերու հետ գործակցութիւնն ու աշխատանքը` փորձառութեան փոխանակման եւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման առաջադրանքով:

Ժիրայր Չոլաքեան խօսեցաւ Արփի Յովհաննէսեանի հետ իրականացած մեծ աշխատանքին մասին, որուն շնորհիւ կարելի եղած է պատրաստել եւ հրատարակել երկու եռահատորներ` 2000-2002 եւ 2019 թուականներուն, ուր ամփոփուած են շուրջ 1400 հայկական թատերախաղեր: Ան դիտել տուաւ, թէ այս աշխատանքին հիմնական նպատակը եղած է միանգամընդմիշտ ջրել շատ տարածուած այն կարծիքը, որ հայ բեմը խաղացանկ չունի եւ փշրել այս թիւր կարծրատիպը` հանրութեան դատին յանձնելով այդքան մեծաթիւ հայկական թատերախաղեր:

Ապա բանախօսը ներկայացուց հայ թատրոնի ծնունդն ու զարգացումը, ժամանակի թաւալքին հետ թատերախաղերուն, թատերագիրներուն պարզած վիճակը` դիտել տալով, որ թատրոնը շատ պահանջկոտ բնագաւառ է ամէն իմաստով, նաեւ բարդ է թատերախաղերու գիրք հրատարակելը, որովհետեւ անիկա նպատակին ծառայելու համար կարիքը ունի բեմադրիչի, դերասաններու, բեմի, հանդիսատեսի եւ այլն: Ժ. Չոլաքեան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ հայկական թատրերգութեան կարեւորութիւնն ու արժէքը` նկատի ունենալով հոն գոյութիւն ունեցող լեզուական հարստութիւնը, հոգեվիճակները, հայութեան վերաբերող խնդիրները, հոգեբանութիւնը, տիպարները, մթնոլորտը, ընկերաբանական զանազան նիւթերը: Այս առումով ալ ան կարեւոր նկատեց հայ բեմադրիչին կողմէ զանոնք բեմ բարձրացնելը, որպէսզի մատուցուին այսօրուան հայ հանդիսատեսին, յաճախ օտար կամ հայացուած թատերախաղերով հանդէս գալու փոխարէն:

Ժիրայր Չոլաքեան շեշտեց, որ հայկական իրականութեան մէջ կարգ մը նշանաւոր թատերագիրներու գործերուն մեծամասնութիւնը մնացած է շուքի մէջ` տարբեր քաղաքական կամ այլ պատճառներով, ճանչցուած են քանի մը հատը, մինչ անոնք ունին բազմաթիւ թանկարժէք ստեղծագործութիւններ: Ան աւելցուց, թէ կարգ մը նիւթեր ալ թապու կը նկատուին, ուստի բեմադրիչները կը փորձեն շրջանցել զանոնք եւ կամ օտար թատերախաղերու ընդմէջէն ներկայացնել: Ըստ անոր, թատրոնը ապրող երեւոյթ է, պէտք է բեմ բարձրանայ, որպէսզի վերամշակուի, զարգանայ, որովհետեւ հանդիսատես-գրող-բեմադրիչ եռանկիւնին միջեւ ներգործօն վիճակ պէտք է ստեղծուի, այլապէս թատրոնը կը մնայ լճացած: Ան հրամայական նկատեց հայ թատերական գործերը բեմ բարձրացնելն ու ապրեցնելը, հարստացնելն ու զարգացնելը:

Ժ. Չոլաքեան ներկայացուց Փարիզի Հայ թատրոնի ընկերակցութեան գործունէութիւնը, որուն ծիրին մէջ յատկանշական նկատեց թատերական ընթերցումները, որոնք առիթ կու տան գէթ ամիսը անգամ մը թատերախաղ մը կենդանացնելու, անոր ծանօթանալու, որպէսզի նաեւ կարելի ըլլայ արժեւորել, եթէ արժէ զայն բեմադրել: Ան նաեւ ծանօթացուց Արփի Յովհաննէսեանը, որ Իրան ծնած է, միջազգային թատերական կեանքին մօտիկ եղած է, քաղաքական պատճառներով Փարիզ փոխադրուած է, Հայաստանի ազգային արխիւները, հայկական հանդէսներն ու պարբերաթերթերը ուսումնասիրած եւ անոնցմէ դուրս հանած է 1400 հայկական թատերախաղեր, որոնք նոյնքան արժէքաւոր են, որքան եւրոպականները:

Աւարտին ան հաստատեց, որ հայ թատրերգութիւնը կը սպասէ իր բեմադրիչին, որպէսզի ստորագրէ հայկական գործը եւ կարենայ հրամցնել նորարար ձեւով:

Ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, աշխուժ քննարկում եւ տեսակէտներ արտայայտուեցան ընդհանրապէս թատրոնի եւ յատկապէս հայկական թատրոնին մասին: