Կիրակի, 7 Յուլիս 2019-ին, Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 24-րդ տարեդարձին առիթով:
Արժ. Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան իր եւ Լաթաքիոյ հայ համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդին անունով շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Սուրբ Աթոռին մաղթելով արեւշատ օրեր եւ անսասանութիւն: