9 Յուլիսին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է հանդիպում մը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի եւ «Ազգային Ժողովրդավարական Միութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչներու միջեւ: Հանդիպումը նախաձեռնած էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը, որ կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարքը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու հետ:
ԱԺՄ կուսակցութեան կողմէն հանդիպումին մասնակցած էին կուսակցութեան վարչութեան անդամներ Անահիտ Աղոյեան, Ատրինէ Աւագեան, Աշոտ Այվազեան, Վարդան Վարդանեան եւ Հրաչ Համբարձումեան: Դաշնակցութեան կողմէն հանդիպումին մասնակցած էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամներ Շաղիկ Մարուխեան եւ Աշոտ Սիմոնեան:
Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնն ու ԱԺՄ-ն ունին միատեղ անցած ճամբայ, եւ այժմ տեսանելի են գործակցութեան հեռանկարները երկրին մէջ առկայ հարցերուն լուծումներ առաջարկելու ուղղութեամբ:
ԱԺՄ վարչութեան անդամ Անահիտ Եղոյեան ըսած է, որ երկու կուսակցութիւնները երկրին մէջ առկայ իրավիճակը նոյն ձեւով կը վերլուծեն: Այս առնչութեամբ կայ փոխըմբռնում` երկրի մէջ տիրող անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը արգելք է որեւէ յառաջընթացի համար:
ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան ներկայացուցած է Դաշնակցութեան նախաձեռնած ոլորտային յանձնախումբերու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ որոշ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու առընչութեամբ կուսակցութեան տեսակէտները: Ան ներկայացուցած է նաեւ Դաշնակցութեան «զարգանալ` չզիջելով» հայեցակարգի կարեւորութիւնը եւ անոր շուրջ համախոհ ուժերու համախմբման անհրաժեշտութիւնը:
Կողմերը համակարծիք են, որ միասնական օրակարգի ձեւաւորումը ուղղուած է ապագայի քաղաքականութեան մշակման եւ այլընտրանքային օրակարգ առաջարկելուն:
Կողմերը համաձայնած են միջկուսակցական շփումները ներքաղաքական կարեւորագոյն հարցերու շուրջ աւելի գործուն դարձնել:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին այս նախաձեռնութեան նպատակն է խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական առողջ ուժերու հետ քննարկել երկրի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը եւ շարք մը հարցերու ուղղութեամբ ճշդել մօտեցումներն ու գործակցութեան կարելի ուղիները: