«Արմէնփրէս».- ՀՀ արտաքին գործոց նախարար ԶոհրապՄնացականեան 9 Յուլիսին մասնակցած  եւ ելոյթ  ունեցած է Սլովաքիոյ մէջ տեղի ունեցած «Անցեալի գործողութիւններէն ապագայ կանխարգիլման. ԵԱՀԿ-ի դերը Եւրոպայի մէջ եւ այլուր կայունութեան խթանումին» խորագիրով ԵԱՀԿ-ի նախարարական ոչ-պաշտօնական հանդիպման, որուն մասնակցած են աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներու ԱԳ նախարարներ, ԵԱՀԿ կառոյցներու ղեկավարներ:

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն տեղեկացուցին, որ իր խօսքին մէջ նախարար Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնած է Սլովաքիոյ ԱԳ նախարարին՝ հանդիպումը բարձր մակարդակով կազմակերպելուն համար:

Նախարար Մնացականեան անդրադարձած է ԵԱՀԿ գործունէութեան երեք հարթութիւններու մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն` ընդգծելով, որ, ըստ էութեան, ԵԱՀԿ-ը կը միաւորէ մեծ եւ փոքր պետութիւններու բազմակողմ գործակցութիւնը: «Նկատի առնելով ԵԱՀԿ-ի  լայն աշխարհագրութիւնը, ուր ներկայացուած են մասնակից պետութիւններ ՀԱՊԿ-էն, Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն, ԵՄ-էն եւ ՆԱԹՕ-էն, ինչպէս նաեւ երկիրներ, որոնք որեւէ միութեան անդամ չեն, պէտք է ընդգծել, որ սա  կարեւոր հարթակ է` փորձարկելու տարբեր գաղափարներ, տարբեր ճամբաներ, որոնք ուղղուած են ոչ թէ անպայման տարբերութիւններու յաղթահարման, այլ առնուազն անոնց կառավարման: Սա շատ կարեւոր արժէք է, որ պէտք է գնահատենք եւ պահպանենք»:

Անդրադառնալով մարդկային հարթութեան, Զոհրապ Մնացականեան ըսած է, որ ան, ընդհանուր առմամբ, Եւրոպայի տարածաշրջանային բազմակողմ գործակցութեան  աշխատանքին հիմքը կը հանդիսանայ, թէեւ ներկայիս ակնառու է այս ուղղութեամբ յետընթաց. «Մարդու իրաւունքները եւ ժողովրդավարութեան արժէքները ետ կը մղուին: Սա շատ վտանգաւոր է», ընդգծած է ԱԳ նախարարը:

Զոհրապ Մնացականեան շեշտած է  ԵԱՀԿ-ի մէջ առկայ կառոյցներու` Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու եւ Մարդու Իրաւունքներու Գրասենեակի, Մամուլի ազատութեան հարցերու ներկայացուցիչին, Ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերու բարձր յանձնակատարի գրասենեակին կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Հայաստան մեծապէս շահած է անոնց հետ գործակցութենէն:

«Մենք պէտք է ապահովենք ԵԱՀԿ-ի առկայ գործիքակազմի անխափան աշխատանքը: Ան պէտք է պահպանուի եւ աջակցութիւն ստանայ: Մարդկային չափորոշիչներու գծով ներկայ իրավիճակը ցաւալի է: Ան ցոյց կու տայ, թէ ներկայիս որքան պաշտպանողական է այս հարթութեան մէջ մեր գործունէութիւնը: Տարիներ շարունակ ներգրաւուած ենք  ԵԱՀԿ-ի մարդկային հարթութեան երկխօսութեան մէջ` բարձր գնահատելով քաղաքացիական հասարակութեան դերը, եւ ըստ իս` այդ արժէքներուն  նահանջը արդարացի չէ»:

Իր խօսքին մէջ Հայաստանի ԱԳ նախարարը անընդունելի  համարած է մարդու իրաւունքներու նկատմամբ ընտրողական վերաբերմունքը: «ԵԱՀԿ-ի մէջ ունինք հակամարտութիւններ: Մենք պէտք է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատմամբ որդեգրենք կարգավիճակով չպայմանաւորուած մօտեցում: Կան վայրեր, ուր մարդիկ կը ջանան խթանել մարդու իրաւունքները, սեփական ուժերով ստեղծելով համապատասխան հիմնարկներ, քանի որ չեն վայելեր այն աջակցութիւնը, որ շատերը ունին: Անընդունելի է, երբ սա մէկ պարագային  տեղի  կ’ունենայ, իսկ մէկ այլ պարագային` ոչ: Մարդու իրաւունքները պայմանաւորուած չեն կարգավիճակով: Մենք պէտք է ընդունինք եւ գտնենք անհրաժեշտ միջոց` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ԵԱՀ-ի ողջ տարածաշրջանին մէջ տարածելու համար: Եւ, անշուշտ, ես նկատի ունիմ նաեւ Արցախը: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը վերաբերի մարդոց: Մարդոց կենսական, ֆիզիքական անվտանգութեան: Մեր հիմանական առանցքը այս է: Ես կը փափաքիմ նաեւ  անդրադառնալ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան դերակատարութեան, որուն ծիրին մէջ մենք կը փորձենք գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին խաղաղ կարգաւորումը»:

Նախարարական ոչ-պաշտօնական  հանդիպման ընթացքին Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը հանդիպումներ ունեցած է  շարք մը գործընկերներու  հետ: