«Երկիր».- Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն յետոյ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ’աջակցի Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:

«Ատրպէյճան իւրայատուկ է: Դուք կը համատեղէք աւանդոյթները եւ ժամանակակիցը: Դուք այսօրուան բարդ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ կը նայիք ինչպէս Արեւելքին, այնպէս ալ Արեւմուտքին`  շնորհիւ ձեր ռազմավարական դիրքին: Եւ, ինչպէս արդէն ըսած եմ, Եւրոպական Միութիւնը կ’աջակցի Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», յայտարարած է Թուսք: