«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ մէջ  խումբ  քաղաքացիներ դիմում  ներկայացուցած են խորհրդարան եւ պահանջած  պատասխան տալ  տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերու ընդունման մասին:

Խորհրդարանէն պահանջուած է «գործի անցնիլ, քանի որ թուրք քաղաքացիները «անպաշտպան  մնացած են` ենթարկուելով ֆիզիքական եւ հոգեբանական ճնշումներու»:

Ըստ թրքական աղբիւրին, խորհրդարան ներկայացուցած դիմումին մէջ ներառուած  են  քանի մը կէտեր:

Կէտերէն մէկուն մէջ ըսուած է, որ ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերու ընդունումով «կը թիրախաւորուին թուրք ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ առհասարակ  ցեղասպանութիւն չընդունողները»:

Միւս կէտին մէջ ըսուած է, որ նշեալ բանաձեւերով կը  խախտին Թուրքիոյ քաղաքացիներուն իրաւունքները, աւելցնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերը ուղղակի «կը թիրախաւորեն խօսքի եւ միտքի ազատութիւնը»:

Այդ կէտին մէջ ըսուած է նաեւ, որ այդ բանաձեւերը կ’անտեսեն «օսմանեան ժողովուրդներու», մասնաւորապէս «թուրք ժողովուրդի կոտորածները նախորդ դարուն», կը շեղին ընդհանուր ցաւի գաղափարէն` թիրախ դարձնելով թուրքերը եւ Թուրքիոյ քաղաքացիները»:

Երրորդ կէտին մէջ ըսուած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը  մինչեւ օրս համաչափ պատասխան չէ տուած Իտալիոյ, Ֆրանսայի խորհրդարաններուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող որոշումներուն

Դիմումը ներկայացուցած քաղաքացիները Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջած են  յստակ քայլերու ձեռնարկել այս հարցին շուրջ: