«Հայերն Այսօր».-Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան անդրադարձած է «Գորշ գայլեր»ու քաղաքական միաւորում հանդիսացող «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութեան` Իգտիրէն նախկին պատգամաւոր, հակահայկական գործունէութեամբ յայտնի Սինան Օղանի թուիթըրեան գրառումը:

Ազգայնական գործիչը իր դժգոհութիւնը յայտնած է Իգտիրի, Կարսի եւ Վանի մէջ հայկական պատուիրակութիւններու այցելութիւններուն, մասնաւորապէս` Համահայկական խաղերու պատուիրակութեան այցելութեան գծով: «Դեռ չեն չորցած ընտրութիւններու քուէաթերթիկներուն կնիքները, բայց արդէն հայկական պատուիրակութիւնները յաջորդաբար կ՛այցելեն յաղթանակ արձանագրած Ժողովուրդներու ժողովրդավարական Կուսակցութեան Կարսի, Վանի, Իգտիրի քաղաքապետարանները: Պատահականութի՞ւն է: Չեմ կ’արծեր», ըսած է Օղան:

Ի պատասխան այս գրութեան, Փայլան գրած է. «Ցեղապաշտները, ժողովուրդներու միջեւ գիծեր քաշելով, ատելութեան քաղաքականութիւն կը վարեն: Ժողովրդավարներն ալ կամուրջներ կառուցելով այդ սահմանները կ՛իմաստազրկեն: Դուք ցեղապաշտ փանթիւրքիստ էք: Մենք կը հաւատանք ժողովուրդներու եղբայրութեան: Եւ ժողովուրդները անպայման պիտի գրկախառնուին»: