Չորեքշաբթի, 10 Յուլիս 2019-ի առաւօտուն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն պատուիրակութիւն մը, նախագահութեամբ ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ներսէս Ներսոյեանի, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի, Կրթական Մարմինի, Տեղական Վարչութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինի, Տեղական Վարչութեան ներկայացուցիչներ:

Պատուիրակութեան անունով տիար Ներսէս Ներսոյեան շնորհաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Զօպուեանը իր ընտրութեան առիթով, յաջողութիւն մաղթեց սրբազան հօր առաքելութեան, ապա ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի բազմածաւալ գործունէութիւնն ու Սուրիոյ տարածքին անոր կառոյցները:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար, յաջողութիւն մաղթեց միութեան աշխատանքներուն եւ գործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց միութեան եւ համայնքին կրթական, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական վերելքին ի խնդիր տարուող բոլոր աշխատանքներուն համար:

Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները: