Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի աւարտական կարգի՝ պաքալորիայի պետական քննութեան արդիւնքը։
Նախարարութեան համաձայն, գիտական բաժինէն Սուրիոյ բոլոր նահանգներէն քննութիւն յանձնած է 119.148 աշակերտ-աշակերտուհի, յաջողած՝ 70.623 աշակերտ-աշակերտուհի, հետեւաբար գիտական բաժինի յաջողութեան տոկոսը եղած է 59,27 առ հարիւր(նախորդ տարուընէ 1,5 առ հարիւր աւելի)։ Գրական բաժինէն քննութիւն յանձնած է 71.095 աշակերտ-աշակերտուհի, յաջողած՝ 29.387 աշակերտ-աշակերտուհի, 41,33 առ հարիւր յաջողութեան տոկոսով։
Սուրիոյ կրթութեան նախարար Իմատ Ազպ յայտնեց, որ հակառակ պատերազմի դաժան պայմաններուն, սուրիական պաքալորիայի վկայականը մնաց միջազգային չափանիշերով վաւերական արժէք ներկայացնող վկայական, իսկ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ միջազգային առաջատար վկայականներու չափանիշերուն հասցնելու զայն։ Այս գործընթացը մեկնարկած է արդէն՝ ուսումնակրթական ամբողջական ծրագրերու վերաորակաւորումով։
Սուրիոյ հայկական վարժարաններուն պաքալորիայի արդիւնքները կը հրապարակենք յաջորդիւ։