ՍԱՆԱ.- Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2019-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Օմանի արտաքին հարցերու նախարար Իւսէֆ պըն Ալէուին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին, կողմերը խորհրդակցեցան տարածաշրջանին պարտադրուած քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցներուն շուրջ:
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլէմ:
Այս առիթով, Մուալլէմ եւ պըն Ալէուի խորհրդակցեցան երկու երկիրներու յարաբերութիւններու խթանումին եւ այլազան ոլորտներու մէջ գործակցութեան կարելիութիւններուն շուրջ:
Կողմերը անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանի քաղաքական ու զինուորական վերջին զարգացումներուն եւ անոնց լոյսին տակ յառաջացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման հրամայականին: Անոնք հաստատեցին, որ տարածաշրջանի ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ է երկու երկիրներու գործակցութիւնն ու միասնական ծրագրերու համակարգումը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատը, նախարարութեան արաբական աշխարհի հետ կապի տնօրէն Մուհամմէտ Աթիէն, նախարարութեան գրասենեակի տնօրէն Մուհամմէտ Օմրանին, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Օմանի ներկայացուցիչը: