2018-2019 տարեշրջանի աւարտին Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանէն շրջանաւարտ դարձան 64 միջնակարգի եւ 69 երկրորդականի աշակերտներ, որոնց աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Սուրիոյ եւ հայազգի նահատակներուն:
9-րդ կարգէն բացման խօսքով հանդէս եկան Ռիթա Խաչօ, Ժուէլ Շանահա եւ Միրիամ Զիանէ (արաբերէն), իսկ Դալիա Կեւողլանեան, Սերենա Քէպապճեան եւ Վիոլէթ Պայտուն (հայերէն), որոնք ողջունեցին ներկաները եւ երախտագիտական խօսքերով լաւագոյնը մաղթեցին հայակերտումի ջերմ այս կրթօճախին եւ ուսուցիչներուն:
Օրուան Հանդիսավարն էր Մարինա ՉիլԱբոշեան-Պօղիկեան: Ելոյթ ունեցաւ վարժարանի աշակերտական երգչախումբը մասնակցութեամբ 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու խումբ մը շրջանաւարտներու, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ բժշկ. Սարգիս Իսկէնեանի: Այնուհետեւ արաբերէն եւ հայերէն ասմունքներով հանդէս եկան 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու աշակերտները, որոնց արտասանած քերթուածները համադրած էին վարժարանիս հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Յուշիկ Ղազարեանը եւ արաբերէնի ուսուցիչ Արա Մութաֆեանը: Ապա, 12-րդ կարգէն Ծիլա Քերպապեան իր հմայիչ ձայնով մեներգեց «Ամպի Տակից»ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովհաննէս Օհանեանի: Առնօ Պապաջանեանի «Էլեկիա» ստեղծագործութիւնը նուագեց 12-րդ կարգէն Բեկի Չամսաքեան(դաշնամուր): 12-րդ կարգէն Նաում Նաում արաբերէն երգ մը երգեց, ապա Սարա Նաում հանդէս եկաւ մենապարով, որմէ ետք խումբ մը աշակերտներ հայկական պարով թնդացուցին սրահը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ «Շող» պարի դպրոցի աշակերտուհի Լենա Չոքկարեանի:
Այնուհետեւ տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեանի եւ օրդ. Մարալ Դերձակեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ 2017-2018 տարեշրջանի միջնակարգի եւ երկրորդականի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներուն պարգեւատրումը, ինչպէս նաեւ «Արմէն Յարութիւնեան» շարադրութեան եւ հայոց պատմութեան մրցումներու առաջին դիրքերը գրաւող աշակերտներուն գնահատումը: Յատուկ գիրով տնօրէնը պարգեւատրեց վարժարանի երկրորդական կարգի ուսուցչուհիներ՝ Սուրայա Շաշաթին եւ Մանալ Գապան Ալին: Ինչպէս նաեւ ուսուցչական ասպարէզէն թոշակի կոչուած Փոլին Անժելին Տիքը եւ ճամբորդութեան պատճառով վարժարանս թողած Արեւիկ Աթաշեանը: Տնօրէնութեան յատուկ գնահատանքին արժանացաւ վարժարանիս ընդհ. տեսուչ Մարալ Դերձակեանը: Ապա տնօրէնը իր սրտի խօսքը արտասանեց՝ շնորհաւորելով շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները աւարտական հանդէսին ուրախ առիթով: Ան յայտնեց, որ 1924-ին հիմնադիր սերունդի տեսլականով հիմնուած Կրթասիրաց կրթօճախը այս տարի կը բոլորէ իր 95-ամեակը՝ շարունակելով իր առաքելութիւնը: «Տասնեակ տարիներու ընթացքին Կրթասիրացը հայ ազգին տուաւ հայրենասէր հայորդիներ, որոնք իրենց նշանակալից տեղ ու դեր ունեցան զանազան երկիրներու եւ շրջանակներու մէջ, ի շահ մեր ազգին», ըսաւ տնօրէնը:
Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանիս հոգատար բոլոր մարմիններուն, ի մասնաւորիԿրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան եւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի Հոգաբարձութեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան ու Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինին, Նպաստից Յանձնախումբին, Տորքաս հաստատութեան, Ամերիկայի Կրթասիրաց Սանուց Միութեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հաստատութեան, Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկին եւ բոլոր անոնց, որոնք մշտապէս նեցուկ կը կանգնին այս կրթօճախին:
Տնօրէնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանին, իր հայրական հովանաւորութեան եւ հոգատարութեան համար: Ինչպէս նաեւ երախտագիտական խօսք ուղղեց վարժարանի պետական տնօրէն Մուհամմատ Հաֆէզին եւ Հալէպի պետական կրթական տնօրէն Իպրահիմ Մասոյին, սուրիական հայրենիքին եւ անոր վսեմաշուք նախագահ Տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացան 9-րդ եւ 12-րդ կարգի աշակերտները: 12-րդ կարգէն հրաժեշտի խօսք արտասանեցին Ռուէտ Սուէտ եւ Անթուանէթ Իլիաս (արաբերէն), իսկ Ծիլա Քերպապեան եւ Ռազմիկ Մազլումեան(հայերէն), իրենց որդիական բարեմաղթութիւնները ուղղելով Կրթասիրաց կրթօճախին:
Հուսկ՝ տնօրէնը բեմ հրաւիրեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանը՝ կատարելու վկայականաց բաշխումը: Հանդիսութեան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր եզրափակիչ պատգամը ուղղելով աշակերտութեան ուշադրութեան յանձնեց փոքր կարողութիւններով մեծ երազներ փայփայելու կարեւորութիւնը: Ան աշակերտներուն պատուիրեց վերջակէտ չդնել ուսման ընթացքին, այլ ուսումը սիրելով բարձրանալ եւ վաւերական դեսպանները դառնալ Կրթասիրաց վարժարանին: Ան օրինակ բերաւ Սուրիական Հայրենիքը, որ հսկայական փոթորիկէ անցաւ, սակայն անոր կամքն ու երազը աւելի մեծ ըլլալով պատերազմի դժուար եւ դժբախտ պայմաններուն մէջ կրցաւ հաստատուն մնալ:
Սրբազան հայրը շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտներն ու իրենց ծնողները եւ գնահատական խօսք ուղղեց վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Հանդէսէն վերջ, աշակերտները «Ճալաա» բացօթեայ ճաշարանէն ներս այս առիթով պատրաստուած կարկանդակը հատեցին եւ իրենց ընտանիքներուն ու ուսուցիչներուն հետ հրաժեշտի հաճելի ժամեր անցուցին:
Թղթակից