Հրաժեշտի այս տխուր պահուն, մեր գլուխները կը խոնարհեցնենք եւ մեր յարգանքի վերջին տուրքը կը մատուցենք ՀԵՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի վաստակաշատ ու հաւատարիմ ընկերներէն, Հալէպի նուիրեալ ազգայիններէն Յովսէփ Տէր Մանուէլեանի շիրիմին առջեւ։
Նկարագիրով հեզ եւ վեհանձն հայու կերպարը մարմնաւորող ընկեր Յովսէփը մեր մտքերուն մէջ դրոշմուած պիտի մնայ որպէս առաքինի հայր, զտարիւն հայ եւ հաւատարիմ ընկեր։
Փոքր տարիքէն անդամակցելով ՀՄԸՄ-ի շարքերուն, եղած է մարզիկ, մարզական պատասխանատու եւ անդամ Հալէպի վարչութեան ու Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, ինչպէս նաեւ արժանացած ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան շքանշանին։ Երիտասարդ տարիքին մուտք գործած է Հայ Յեղափոխա-
կան Դաշնակցութեան շարքեր, անխոնջ ծառայելով իր ազգին ու դաւանած գաղափարին։ Մղուած նաեւ ազգային ծառայութեան, իբր Ազգ. Սահակեան վարժարանի հոգաբարձու, ինչպէս նաեւ
երկարամեայ ծառայութիւն ունեցած է Ազգային Գաւառական Ժողովի անդամի հանգամանքով։ Համոզուելով մշակոյթի դերին, երկար տարիներ նաեւ ծառայած է Համազգային յարկին տակ եւ եղած է Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ։
Սիրելի՛ ընկ. Յովսէփ,
Երկարատեւ հիւանդութեանդ յաջորդած անգութ մահը անխուսափելիօրէն եկաւ ու քեզ խլեց քու սիրելիներէդ, հարազատներէդ եւ ընկերներէդ։ Դուն մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցար, սակայն քու անհատականութեանդ վեհութեամբ եւ գաղափարապաշտ մտքովդ մեր սրտերուն մէջ պիտի յաւերժանաս, արժանանալով մեր բոլորին սրտագին աղօթքներուն։
Ճիշդ է, վերջին շրջանին անողոք հիւանդութիւնը թոյլ չտուաւ, որ շարունակես ազգային ու միութենական գործունէութիւնդ, սակայն հարազատ ընկերներուդ քաջ վկայութիւնները քու բարութեանդ, նուիրումիդ ու հաւատարմութեանդ մասին, անունդ անմահ ու յիշատակդ խնկելի պիտի պահեն։
Թող Աստուած քեզ արժանի ընէ երկնքի արքայութեան եւ հոգիդ հանգչեցնէ լուսեղէն իր յարկին տակ։
Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ, ՀՄԸՄ-ակա՛ն եղբայր եւ գաղափարակա՛ն ընկեր Յովսէփ։
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւն