Պոննի Միջազգային Խաղաղութեան աջակցութեան կեդրոնի (BICC) գիտաշխատող դոկտ. Մաքս Մուչլերի համաձայն, «Եւրոպական երկիրներու օրէնքներուն մեծ մասը կը խօսի մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութեան մասին, սակայն եւրոպական եւ ամերիկեան զէնքերու լարուած տարածքներ արտահանումը կը շարունակուի, առանց այդ օրէնքներուն նկատմամբ որեւէ յարգանքի ցուցաբերման»:
Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութիւնը Չորեքշաբթի, 10 Յուլիսին Փարիզի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնքին առջեւ ցոյց մը կազմակերպած էր՝ բողոքելու համար ֆրանսատրպէյճանական տնտեսական համագործակցութեան շրջագիծին մէջ Ֆրանսայի Ատրպէյճանին զէնք մատակարարելու որոշումին դէմ: Հայ երիտասարդները դիտել կու տային, որ այդ զէնքերը կ’օգտագործուին մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն սպանութեան համար:
ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս կու գար յայտարարութեամբ մը, յայտնելով որ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն վստահեցուցած է, թէ ֆրանսական զէնքերը պիտի չօգտագործուին հայ ժողովուրդին դէմ: Բողոքարկու երիտասարդները, սակայն, շեշտած են, որ Մաքրոնի այս հաստատումը հիմք չունի, հետեւաբար անհրաժեշտ է խօսիլ փաստացի տուեալներով:
«Մեզ կը մտահոգէ այն իրողութիւնը, թէ ինչպէ՛ս Ֆրանսան Արցախեան հակամարտութեան կողմերուն զէնքի վաճառքը բացառած ըլլալով մէկտեղ, զէնք կը մատակարարէ Ատրպէյճանին: Այս որոշումին դէմ պէտք է բողոքենք», ըսած է շարժումի կազմակերպիչներէն Պերճ Քերթէշեանը:
Իսկ թէ ինչպիսի՞ արդիւնք պիտի տայ բողոքի այս շարժումը, կախեալ է շարժումի մասնակիցներուն աշխուժութենէն եւ շարժումին մէջ յաւելեալ կողմերու ներգրաւումէն:
Բողոքը արդարացի է, անոնց միանալու են մարդասիրական, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, քաղաքական գործիչներ, անգամ մը եւս պարզելով պատկերը քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, թէ յետ-պատերազմեան շրջանին Պաքուի կողմէ օգտագործուած զէնքերով նահատակուած բոլոր անմեղ քաղաքացիներուն, սահմանը պաշտպանող ու ատրպէյճանական կողմի դիպուկահարներուն զոհը դարձած այն հարիւրաւոր անմեղներուն, որոնք պարզապէս իրենց հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքը կը պաշտպանէին: Բողոքը արդարացի է, յատկապէս այն պատճառով, որ Ֆրանսան մատակարարուած զէնքի օգտագործումը վերահսկելու մեքանիզմները չունի:
Քաղաքական բեմին վրայ բողոքի նման ալիքներ բարձրացած ու արդիւնաւորուած են նախապէս:
Եմենի պատերազմի տարիներուն, օրինակ, մարդասիրական կազմակերպութիւններու, խորհրդարանականներու եւ քաղաքական գործիչներու բանեցուցած ճնշումին հիման վրայ, Գերմանիան սահմանափակեց իր արտածած զէնքերու օգտագործումը Եմենի մէջ, այդուհանդերձ մարդկային իրաւանց եւրոպական կազմակերպութիւններ առաւել մեծ ճնշումներ բանեցուցին գերմանական «Ռէյնմէթըլ» զինուորական եւ ինքնապաշտպանական ճարտարագիտական սարքեր արտածող ընկերութեան վրայ՝ դադրեցնելու Սէուտական Արաբիա կատարած իր զինուորական արտածումները, հակառակ պարագային ընկերութիւնը պատասխանատու համարելով Եմենի մէջ Սէուտական Արաբիոյ յարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուող մարդկային զոհերու աճին:
Օրին, հակառակ ֆրանսական կողմին այն պնդումներուն, թէ զէնքերու օգտագործումը վերահսկելի է Ֆրանսայի կողմէ, ոչ-կառավարական, մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետեւողական ճնշումները Մաքրոնը ստիպեցին խորհրդարանական հետաքննութիւն սկսելու զէնքերու վաճառման օրինականութեան գծով:
Նոյն ամիսներուն, նման ճնշումներու հետեւանքով, Գերմանիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդը որոշում գոյացուց դադրեցնելու Եմենի պատերազմին մասնակից կողմերուն Գերմանիոյ կողմէ զինամթերքի մատակարարումը, նոյնը կատարեց Նորուէկիան: Այս բոլորը տեղի ունեցան ժողովրդային եւ խորհրդարանական ճնշումներու իբրեւ արդիւնք:
Հայկական կողմին քարոզչական լծակները նուազ ազդեցիկ չեն այս առումով: Այս բոլորը, սակայն, կը թելադրեն գործակցութիւնը պետական եւ սփիւռքեան կառոյցներու, քաղաքական գործիչներու:
Քաղաքական ճնշումները կրնան կասեցնել պետութիւններու տընտեսական համարուող գործակցութեան այն ոլորտները, որոնք կրնան ծառայել լարուած տարածաշրջաններու հարցերու բարդացումին եւ մարդկային զոհերու բազմապատկումին:
«Գ.»