«Ազդակ».-Գործակցաբար «Վանայ ձայն»-ին եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան Չորեքշաբթի, 10 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 155-րդ լսարանը` ներկայութեամբ միութենական թէ մամուլի պատասխանատուներու ու աշխատակիցներու, ինչպէս նաեւ մշակութասէր ազգայիններու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Վանայ ձայն»-ի հաղորդավարներէն Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի անունով ողջունեց օրուան բանախօս` հայրենի լրագրող, հաղորդավար եւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Վահագն Զաքարեանը: «Այսօր անձամբ մեր մէջ է Վահագն Զաքարեան եւ ան գալիք օրերուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Վանայ ձայն»-ի երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան դասընթացքին եւ փակման ձեռնարկին. ան նախապէս քանի մը առիթներով եղած է Լիբանան, «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի յարկերուն տակ, բայց առաջին անգամն է, որ այստեղ հանդէս կու գայ հրապարակային ելոյթով», ըսաւ Էմմիեան` նշելով, որ Վահագն Զաքարեան «Վանայ ձայն»-ի Հայաստանի աշխատակիցն է 2011-էն ի վեր: Ապա ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Վահագն Զաքարեանի կենսագրական գիծերը:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Վահագն Զաքարեան անդրադարձաւ Հայաստանի մշակութային կեանքի ներկայ իրավիճակին` վերջին տարիներու անցուդարձերու լոյսին տակ: Ան հանգամանօրէն զեկուցեց հայրենի մշակութային կեանքի, յատկապէս` թատրոնի տարբեր ոլորտներուն` կինոթատրոնի, հեռուստաթատրոնի, ռատիոթատրոնի եւ առնչակից ճիւղաւորումներուն ծիրին մէջ տիրող ժխտական թէ դրական քայլերուն մասին: Ան ցաւ յայտնեց, որ թատերական ձեռնարկներու հանդիսատեսներու քանակը զգալի նահանջ արձանագրած է վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին` ատիկա վերագրելով տուեալ մարզերու տնօրէններու ու առհասարակ պատասխանատուներու փոփոխութեան եւ այս գիծով ստեղծուած հակադրութեան մթնոլորտին` առնչակից մարզերու պատասխանատուներուն միջեւ: Հայրենի բանախօսը թուային պատկերներով հիմնաւորեց իր տեսակէտը` յոյս յայտնելով, որ այս տարի թատրոնի հանդիսատեսներու քանակը վերստին կ՛աճի` հասնելով մինչեւ մէկ միլիոն եօթը հարիւր հազար հանդիսատեսի սահմանը:

Զաքարեան դիտել տուաւ, թէ թատրոնի մարզը հիմնականին մէջ կեդրոնացած է Երեւանի մէջ, ուր թատերասէրներ յաճախ կ՛ուշանան, մինչ մարզերու պարագային երեւոյթը տարբեր է, հանդիսատեսներ կը դժուարանան Երեւան գալու  թատրոնի համար, սակայն երբ թատրոնը մարզերուն մէջ ներկայացուի, անոնք խանդավառութեամբ եւ ճշդուած ժամէն առաջ կը յաճախեն թատերասրահ: Զաքարեան ցաւ յայտնեց, որ յատկապէս խորհրդային շրջանէն ետք երիտասարդ սերունդի կարեւոր հատուած մը, աւելի քան յիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ, տեղեակ չէ թատերական կեանքին կամ անոր անցեալին մասին: Ան յայտնեց նաեւ, որ մշակութային հանրահռչակման գործը, որ աւելի ծանօթ է «Փի.Ար.» հասկացողութեամբ` վերջերս սկսած է որոշ յառաջընթաց արձանագրել:

Վահագն Զաքարեան շեշտեց թատերական եւ առնչակից ոլորտներուն առնչութեամբ պետական ֆինանսաւորումի կարեւորութիւնը, որ սակայն ժլատ է, եւ նշեալ մարզի պատասխանատուներ աշխատանք կը տանին սեփական միջոցներով ֆինանսաւորում գտնել իրենց մշակութային ծրագիրներուն եւ դառնալ ինքնաբաւ: Զաքարեան նաեւ ընդգծեց, որ ներկայիս թատերական մարզի եւ առհասարակ մշակոյթի զանազան ոլորտներու պատասխանատուներ աւելի ազատ խօսք արտայայտելու հարթակ ունեցան եւ անոնք ազատ կը զգան իրենց կարծիքը արտայայտելու, մինչդեռ նախապէս փոխանցուած թելադրանքի մը կամ հրահանգի մը նկատմամբ կը լռէին:

Ներկաներու հարցումներուն պատասխանելով` հայրենի բանախօսը անդրադարձաւ «Ոսկէ ծիրան»-ի եւ նման փառատօներու ընթացքին ոչ հայկական, յատկապէս` թրքական ժապաւէններու ցուցադրութեան` նշելով, որ այդ երեւոյթը արդէն բողոքի որոշ ալիք ստեղծած էր մշակոյթի կարգ մը գործիչներու կողմէ` միաժամանակ դիտել տալով, որ այդ ժապաւէններ խնդրայարոյց նիւթեր չէին ընդգրկեր: Իսկ օտար ֆիլմաշարերու գծով Զաքարեան ընդգծեց, որ անոնք ինքնաբերաբար նուազեցան հանրային եւ այլ պատկերասփիւռի կայաններէն` վարկանիշի տկարութեան բերումով:

Աւարտին հայրենի բանախօսը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանին, որոնք այս առիթը ընծայեցին իրեն: Ան նաեւ իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի Հայաստանի մէջ ունեցած ելոյթներուն համար` մաղթելով, որ այս նախաձեռնութիւնը շարունակուի եւ վերածուի եօթնօրեայ փառատօնի: