«Էրմէնիհապեր».-ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը արձագանգած է Թուրքիոյ կողմէն Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին վրայ իրականացուող հորատման աշխատանքներուն: Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը յայտնած է իր մտահոգութիւնը եւ հանդէս եկած է գրաւոր յայտարարութեամբ:

Ermenihaber.am-ը կը ներկայացնէ ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութիւնը.

«Մեր խորին մտահոգութիւնը կը  յայտնենք Թուրքիոյ` Կիպրոսի հիւսիս-արեւելքին նոր հորատման գործողութիւն իրականացնելու փորձին առիթով: Արեւելեան Միջերկրածովեան տարածաշրջանին Թուրքիոյ շարունակական սադրիչ գործողութիւնները կը վտանգեն տարածաշրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:

Մենք կը վերահաստատենք մեր լիակատար աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը Կիպրոսի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին: Կոչ կ’ուղղենք Թուրքիոյ դադրեցնելու Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին վրայ(ԲՏԳ) բոլոր գործողութիւնները, յարգելու Կիպրոսի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ Կիպրոսի ժողովուրդին իրաւունքները` հետամուտ ըլլալով իրենց քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական զարգացման, առանց արտաքին ճնշման»: