«Փանորամա».-Վրաստանի Կրօնի հարցերու գործակալութիւնը թոյլատրած է Սամցխէ-Ջավախքի Տոււրցխ, Կորխ, Օլաւերտ, Վաչիան, Գոման գիւղերու եկեղեցիներու վերանորոգման եւ կառուցման աշխատանքները: Այս փուլին Ախալքալաքի քաղաքապետարանը յիշուած եկեղեցիներու նախագիծերը հաստատման  ներկայացուցած է Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործակալութեան:

Սամցխէ-Ջավախքի Կրօնի հարցերու գործակալութեան ներկայացուցիչ Էլվարտ Զազաձէի խօսքին համաձայն, գործակալութիւնը արդէն արտօնած է Ախալքալաքի շրջանի Տուրցխ, Կորխ, Օլաւերտ եւ Գոման գիւղերու եկեղեցիներու վերանորոգման, իսկ Վաչիանի եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները:

Ախալքալաքի փոխքաղաքապետ Արմէն Մառանգոզեան  նշած է, որ թոյլտւությունը ստանալէն յետոյ քաղաքապետարանը Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործակալութեան հաստատման ներկայացուցած է Կորխ, Վաչիան եւ Օլաւերտ գիւղերու եկեղեցիներու վերականգնման եւ կառուցման նախագիծերը: Այժմ վերոնշեալ գիւղերու մէջ կը սպասուին, որ Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործակալութիւնը հաստատէ իրենց եկեղեցիներու վերակառուցման նախագիծերը, որպէսզի սկսին աշխատանքները:

Կորխ գիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ վերականգնողական աշխատանքները սկսած էին 10 Մայիսին, երբ գիւղացիները փորձած էին թոյլտւութիւն ստանալ եւ չէին ստացած: Քանի մը տարի է անոնք գումար կը  հաւաքեն եւ որոշած են այս տարի սկսիլ շինարարութիւնը, որովհետեւ եկեղեցւոյ պատերը արդէն փլուզուած էին: Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ազգային գործակալութիւնը տեղեկանալով առանց թոյլտուութեան վերականգնման մասին,  նախազգուշացուցած էր, այնուհետեւ վարչական պատասխանատուութեան ենթարկել Իւրիկ Ծառուկեանը, որուն տուեալները գրուած է Կորխի բնակիչներու անունով Գործակալութեան ուղղուած նամակին մէջ: Այժմ աշխատանքները կանգ առած են: