Անահիտ
Մարդկային տեսակի ու մտքի զարգացման փուլերը բաւական բացայայտուած են այսօրուան պրպտողին առջեւ, շնորհիւ մարդագիտութեան (anthropology), հնագիտութեան ու պատմաբանութեան մարզերուն մէջ արձանագրուած մեծ յառաջխաղացքին, որ սկսաւ ԺԹ. դարու արդիւնաբերութեան յեղաշրջումով։ Այսօր, մենք գիտենք, որ մարդկութիւնը իր սկզբնական շրջանին, երբ կþապրէր քարայրներու մէջ, չկար մեզի ծանօթ ընտանիքի հասկացութիւնը, այլ կը տիրապետէր համայնքը ու մարդուն պատկանելիութիւնը անոր։ Շփոթ չստեղծելու համար, երեխան միշտ կը վերագրուէր իր մօրը, կը ճանչցուէր անոր անունով, որովհետեւ համայնական ամուսնութեան պայմաններուն մէջ, դժուար էր գիտնալ թէ ճիշդ ո՛վ է անոր հայրը։ Աւելին՝ համայնքին մէջ կիները կը զբաղեցնէին առանցքային դեր. անոնք էին, որ կը խնամէին ծերերը, երեխաներն ու անկարողները, նախնական ցանքի աշխատանք կը տանէին ու ամենակարեւորը՝ միշտ վառ կը պահէին կրակը, որ լինելիութեան կենսական հարց էր համայնքի գոյատեւման համար։ Տղամարդիկ ընդհանրապէս կը զբաղէին որսով ու զէնքի պատրաստութեամբ։ Այլ խօսքով, կիները առանցքային դեր ունէին համայնքի պահպանման ու գոյատեւման առումով. եւ ահա՝ կը ծնի մարդկութեան առաջին իշխանութեան գաղափարը եւ անոր զուգահեռ աստուածութիւնը՝ մայր իշխանութիւնը եւ Մայր Աստուածը։ Չէ՞ որ իգականն է որ նոր կեանք կը ծնի ու կը պահպանէ…
Քարէ դարուն, երբ մարդկային զարգացման առաջին նշանները սկսան յայտնուիլ, սկսան երեւան գալ նաեւ Մայր Աստուածը մեծարող երեւոյթներ։ Աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ գտնուած են իրարու նմանող եւ մայր աստուածութիւնը պատկերող արձանիկներ, որոնք յաճախ կը կոչուին Վենիւսի անունով։ Կարելի է նաեւ անուանել Անահիտ, ստորեւ ներկայացուելիք պատճառներով։
Պալէոթիք ժամանակաշրջանին պատկանող Անահիտի արձանիկները առաջին անգամ յայտնաբերուած են Ֆրանսայի մէջ՝ ԺԹ. դարուն վերջերը։ Այս արձանիկները, աշխարհի չորս կողմը գտնուածներուն հետ ունին հասարակաց գիծեր։ Բոլորն ալ կը ներկայացնեն իգական մարմիններ, որոնց որովայնը, կոնքերն ու կուրծքերը, այսինքն կնոջ մարմնի բեղմնաւորում խորհրդանշող բաժինները չափազանցուած մեծ ու կլոր են, կարծէք բոլորն ալ յղի, գէր կիներ են։ Թեւերը բարակ են, յաճախ կուրծքերուն վրայ ծալուած, սրունգները իրար միացած ու հետզհետէ բարակցող մինչեւ որ սուր ըլլան, որպէսզի կարելի ըլլայ արձանիկը հողին մէջ խրել՝ ծիսական նպատակներով։ Իսկ վիզն ու գլուխը, գրեթէ իրարմէ չզանազանուող պզտիկ գունդ մը կը կազմեն՝ առանց դէմքի իւրայատուկ գիծերու, որովհետեւ անձնաւորուած աստուածութիւն մը չի ներկայացներ արձանիկը, այլ՝ մայրութեան գաղափարը, որ դէմք ու սահմանափակում չունի։ Այլ խօսքով, Անահիտի նախնական արձանիկները իլիկաձեւ էին։ Հետագային, 1961-1965 թուականներուն, այժմու Թուրքիոյ Չաթալհույուք հնագիտական կայքին մէջ կատարուած պեղումներուն շնորհիւ յայտնաբերուած են քիչ մը աւելի զարգացած անահիտեան արձանիկներ։ Չաթալհույուքի Անահիտները պատկերուած են նոյն մարմնական յատկանիշներով, սակայն դէմքերը, թեւերն ու սրունգները քիչ մը աւելի յստակ են։ Դիցուհին բազկաթոռի վրայ նստած է՝ երկու կողմը երկու առիւծներով։ Արձանիկը գտնուած է հացահատիկի պարկի մէջ։
Ի՞նչ կը թելադրէ այս բոլորը մեզի։
Անահիտը հայոց հեթանոսական դիցարանի առաջին աստուածն է։ Ան Հայկ Նահապետին մայրն է՝ ըստ կարգ մը աւանդութիւններու, եւ Հայքի պաշտպանը։ Հաստատ համոզում կար, որ առանց Անահիտին Հայոց Աշխարհը չէր կրնար գոյութիւն ունենալ ու գոյատեւել։ Չաթալհույուքի յայտնաբերումը՝ հայութեան բնօրրանին աշխարհագրական այնքան մօտ դիրքով, կու գայ փաստելու Անահիտի առաջնութիւնը բոլոր աստուածներուն մէջ։
Անահիտը մայրութեան ու իգականութեան նախատիպն է, որ զանազան ազգերու մօտ զանազան անուններով ճանչցուած է՝ Աֆրոտէթ, Վենիւս, Իշթար, Ասթրիտ եւ այլն։ Յաճախ օտար աղբիւրներէ հայերէն անցումը կը կատարուի Իշթար-Աստղիկ զուգորդութեամբ, որ ճշգրիտ չէ, բայց սխալ ալ չէ։ Սկզբնական շրջանին, երբ Մայր Դիցուհին անձնաւորուած չէր, երբ չունէր դէմք, կար միայն մէկ դիցուհի՝ Անահիտը։ Ան մայրն էր ու սիրուհին, սկիզբը ամէն բանի ու խնամատարը։ Ահա թէ ինչպէ՛ս ինքզինք կը նկարագրէ Իշթար դիցուհին, իր տաճարին պատին վրայ փորագրուած գրութեան համեմատ՝
Ե՛ս եմ սկիզբն ու վախճանը,
Ե՛ս եմ յարգուածն ու անարգուածը,
Ե՛ս եմ պոռնիկն ու սրբուհին,
Ե՛ս եմ ամուսնացեալ կինն ու կոյսը,
Ե՛ս եմ մայրն ու դուստրը,
Ես զիս գրկող իմ մօրս թեւերն եմ,
Ես ամուլ եմ, զաւակներս՝ բազում,
Ես ամուսնացած եմ ու ամուրի
Ե՛ս եմ դայեակը, որ երբեք չծնաւ,
Ե՛ս եմ երկունքի ցաւը մեղմացնողը,
Ե՛ս եմ հարսն ու փեսան
Եւ իմ ամուսինս էր զիս ստեղծողը,
Ե՛ս եմ իմ հօրս մայրը
Ե՛ս եմ ամուսինիս քոյրը
Եւ ան է իմ անառակ որդիս…
Յաւիտեանս մեծարեցէք զիս,
Որովհետեւ ես եմ ամօթահարն ու վեհաշուքը…
Ասկէ գեղեցիկ ձեւով կարելի չէ արտայայտել Անահիտի բնոյթը։ Հետագային սակայն, պիտի ճիւղաւորուէր Անահիտի պաշտամունքը, անոր իւրաքանչիւր երեսը առանձին պիտի մարմնաւորուէր եւ դիցարանը հարստանար նոր դիցուհիներով։ Յատկապէս հայրիշխանութեան տիրապետութեան տակ եւ նահապետական ընտանիքի տարածումով, մօր տիպարը սկսաւ առնել աւելի սրբացեալ պատկեր, իսկ իգական տիպարի, ինչ որ կարելի է անուանել պակաս սրբացեալ երեսները, բաժնուեցան տարբեր աստուածութիւններու վրայ։ Այսպէս օրինակ, մարմնական սիրոյ եւ գեղեցկութեան համար մէջտեղ եկաւ Աստղիկը, իսկ կուսական սէրն ու իմաստութիւնը տրուեցաւ Նանէին։ Այլ պատճառներ ալ կան «մասնագիտական» այս բաժանումներուն։ Երբ զանազան հայկական ցեղախումբեր միաձուլուելով կազմեցին հայ ազգը, իւրաքանչիւրը իր հետ բերաւ իր բարքերն ու սովորութիւնները, իր աստուածները՝ իւրայատուկ անուններով ու իւրաքանչիւրին հանդէպ տարբեր նայուածքով։ Անշուշտ անխուսափելի են նաեւ այլ ցեղերու հետ բախումներն ու շփումները, որոնք որեւէ հաւաքականութեան մտայնութեան ու արժէքային համակարգին վրայ կրնան բերել մեծ ու փոքր փոփոխութիւններ, նոր բառամթերք եւ անուանումներ։
Անահիտը մեծարելու երեւոյթներէն մէկն էր անոր ոսկեձոյլ արձանը։ Թերեւս այսօր մեզմէ շատեր պատկերացնեն, թէ մեր նախահայրերը այսպիսով Անահիտին արժէքը հաւասարեցուցած են մետաղներէն ամենաընտիրին՝ ոսկիին արժէքին հետ։ Սակայն այս մէկը բաւարար բացատրութիւն չէ։ Նիւթական արժէքները այնքան ալ առանցքային նշանակութիւն չունին առասպելաբանական միտքին համար։ Անահիտին ոսկեձոյլ արձանը ունի նոյն նշանակութիւնը, ինչ որ ունէր Չաթալհույուքի Անահիտին հացահատիկի պարկին մէջ դրուիլը։ Ոսկեգոյնը ցորենի՛ գոյնն է եւ ամէնէն յարմարը արտայայտելու համար Անահիտին պտղաբերող բնոյթը։
Պատահական չէ, որ մեր մեծագոյն աւանդավէպը՝ «Սասնայ Ծռեր»ը, կը սկսի Ծովինարով, այսինքն Սասնայ Տան տոհմածառին գլուխը Մայրն է։ Հետագային Մօր պիտի փոխարինէին իր արու զաւակները, աւելի ճիշդը զաւակը՝ Սանասարը։ Այդպէս ալ եղած է մարդկային մտքին զարգացումը։ Անահիտին նախնական արձանիկներուն յաջորդեցին այն արձանները, որոնցմով պատկերուած է Մայր Դիցուհին իր արու զաւկին հետ, որ յաճախ նաեւ ներկայացուած է ցուլի կամ եզան պատկերով։ Զաւակը հետզհետէ պիտի մեծնար եւ ինք տիրապետէր աշխարհին, պիտի հիմնուէին հայրիշխանութիւնն ու նահապետական ընտանիքը։ Մայր Աստուածը եղաւ Աստուածամայր, սակայն ան պիտի շարունակէ մնալ ամէն բանի սկիզբը՝ Մայր Բնութիւնը, Մայր Հայրենիքն ու Մայրենի Լեզուն, մարդը գերող մայրական սէրը, որուն ենթարկուելու ու անկէ ձերբազատելու բնոյթով ստեղծուած ենք։ Այլ խօսքով, Անահիտը պիտի մնայ մարդու մտքին անլուծելի առեղծուածը…
Յուշիկ Ղազարեան