Նորգիւղցի երեխաներուս համար ամենաարկածալից խաղը «քարպիթ պայթեցնել»ն էր: Անշուշտ արհեստաւորներուն ծանօթ է այս նիւթը՝ քարպիթը, որ մետաղներու զօդումի համար կ’օգտագործուի: Կրաքարի խճաքարեր են, որոնք մարած չեն, կենդանի են, այսինքն, երբ ջուրի մէջ դրուին, կեանք կ’առնեն, կը սկսին փրփրիլ ու կազեր կ’արձակեն։ Այդ կազն է, որ կ’օգտագործուի մետաղներ իրար ագուցելու համար:
Մեր տղաքը ամրան արձակուրդներուն, արհեստաւոր վարպետներու մօտ աշկերտութեան ընթացքին, ծանօթանալով անոր յատկութեան, զայն կ’օգտագործէին հետաքրքրական, սակայն վտանգաւոր խաղի մը համար, որ մրցումի ալ վերածուեցաւ:
Սուսերու թառլան ծանօթացուցած էի ձեզի, այն բաց տարածքն էր, որ Նոր Գիւղի սահմանէն կ’երկարէր մինչեւ սինեմա Արաքս: «Սուսերու» կ’ըսէինք, քանի որ հոն, հսկայ խուրձերով կը կուտակուէին Սուսի (Մատուտակի) արմատները, որոնք կ’օգտագործուէին համեղ, զովացուցիչ խմիչք մը պատրաստելու համար: Այդ խմելիքը վաճառողները իրենց կռնակին վրայ կը կրէին զայն պղինձէ խոշոր տակառիկի մը մէջ ու պղնձեայ թասերով ալ կը վաճառէին՝ մարդոց ծարաւը յագեցնելու համար: Անոնք զոյգ այդ թասերը այնպիսի վարպետութեամբ իրարու կը զարնէին, որ զրնգոցը կը տարածուէր ամէն կողմ, աւետելով սուսճիին գալուստը:
Ուրեմն, այդ բաց տարածքը դարձած էր թատերաբեմը մեր խաղերուն եւ յատկապէս քարպիթի պայթեցման մրցումներուն:
Մեր մէջ կային խաղին գիտակ ճարտար տղաք, որոնք գետինը փոքր փոս մը կը փորէին, քարպիթի խիճերը մէջը կը տեղաւորէին, ջուր կը լեցնէին ու վրան կը դնէին շրջուած թիթեղէ տուփ մը, որ վերի մասէն գամով ծակած կ’ըլլային ու շուրջը ցեխով կը պատէին, որ օդ չառնէ: Ասիկա նախապատրաստական աշխատանքն էր, մրցումը կը սկսէր, երբ խումբին տղաքը հեռուն գետինը պառկած կը սպասէին, որ խումբին ղեկավարը երկար եղէգի մը ծայրին փաթթուած լաթը վառէ լուցկիով ու մօտեցնէ թիթեղին վրայի բացուածքին: Տուփին մէջի բանտարկուած կազը երբ կրակ տեսնէր, այնպիսի պայթիւնով վեր կը թռչէր, իսկ մենք բոլորս մեր ականջները մեր ձեռքերով փակած կը հետեւէինք: Որքան բարձր թռաւ թիթեղը, այդքան յաջող եղած կ’ըլլար պայթումը։ Մեր յաղթական աղաղակներուն հետ քանի մը մեծ տղաք միւս խումբերուն պայթումներուն արդիւնքները աչքով չափելով, կ’որոշէին թէ ո՛ր խումբն է օրուան յաղթողը:
Պատահեցաւ որ օրին մէկը այս բոլոր նախապատրաստական գործողութիւնները ըրած, աւարտած էինք։ Երբ եղէգին ծայրի կրակը կը մօտենար տուփին, ուրկէ չես գիտեր 2-3 տարեկան աղջնակ մը վազելով մօտեցաւ ու հետաքրքրութեամբ տուփին վրայ յակեց գլուխը, երեւի տեսնելու համար թէ ի՞նչ պիտի ընէ կրակը: Մենք սարսափահար սկսանք պոռչտալ, կրակը տրուած էր ու ահա տուփը հսկայ մղումով վեր պիտի թռչէր,- Աստուած մի արասցէ,- երեխային գլուխն ալ հետը…
Այս բոլորը կը վերյիշեմ ու մարմինս կը փշաքաղուի: Չտեսնելու համար ըլլալիքը, մեր աչքերը փակեցինք: Ու Աստուած իմ, առաջին անգամ ըլլալով տուփը չպայթեցաւ: Ի՛նչ կ’ուզէք անուանեցէք՝ բախտ, նախախնամութիւն… բայց ես պատահածը ՀՐԱՇՔ անուանեցի: