Իմ պատանեկան տարիներէն իվեր, միշտ ալ շեշտուած հակում մը ունեցած եմ կարդալու երեւելի դէմքերու յուշագրութիւնները։
Հռչակաւոր անուններու, գրագէտներու, եկեղեցական կամ թատերական գործիչներու, քաղաքական ու ազգային դէմքերու չոր ու ցամաք կենսագրութիւնները անբաւարար գտած եմ՝ անոնց իսկական դիմագծութիւնը ճանչնալու տեսակէտէ։ Հետեւաբար, ճգնած եմ գիտնալու անոնց կեանքին քուլիսային մանրամասնութիւնները…։ Բայց ինչպէ՞ս։ Յուշագրութիւննե՛ր ընթերցելով անոնց մասին։
Վերջերս, երկրորդ անգամ ըլլալով՝ իմ գլուխը հակեցի 200 էջանի յուշագրական սքանչելի հատորի մը, որ կը կոչուի «Իմ ուսուցիչներս»։ Գիրքը տպուած է Պէյրութ, 1984-ին։ Հեղինակ՝ Մուշեղ Իշխան, բոլորիս ծանօթ լիբանանահայ բանաստեղծը, տուներու ու տաքուկ երդիքներու անմոռանալի երգիչը։
Մ. Իշխան յուշեր եւ տպաւորութիւններ կը փոխանցէ այստեղ՝ իր պատկառելի ուսուցիչներուն մասին։
Ի՜նչ ուսուցիչներ…։
Արդարեւ, ան նախ կը խօսի Յակոբ Օշականի մասին, որուն աշակերտելու բախտն ունեցեր է Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ, 1928-1930։
Յետոյ, շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններով կ’ոգեկոչէ բարի յիշատակը ազնուական ուսուցչապետի մը՝ պատմագէտ փրոՖ. Նիկողայոս Ադոնցին, որուն աշակերտեր է ինք 30-ական թուականներու վերջերը՝ Պրիւքսէլի համալսարանը իր ուսանողութեան օրերուն։
Այնուհետեւ ալ, լայնօրէն դիմաստուերները կը գծէ թէ՛ Նիկոլ Աղբալեանին եւ թէ՛ Լեւոն Շանթին, որոնք իր ուսուցիչներն եղեր են Պէյրութի Հայ Ճեմարանէն ներս։
Մ. Իշխան, ի՛նք ալ հետագային ուսուցիչ, կը մեծարէ իր անմոռանալի ուսուցիչները հոյակապ հայերէնով մը։ Իր գործածած զուլալ ու ջինջ հայերէնը խորապէս տպաւորիչ է եւ ուսանելի, եւ կը խորհիմ որ այդ հայերէնը այլեւս գոյութիւն չունի մեր շուրջ…
Բայց չերկարեմ։ Տամ Լ. Շանթի մասին իր պատմածներէն քանի մը արագ նշումներ։
Ըստ Մ. Իշխանի, Շանթ (որ Ճեմարանի տնօրէնն էր) տեւաբար իր աշակերտները կը խրատէր գրեթէ նոյն բառերով.«Աշխատեցէք ՄԱ՜ՐԴ ըլլալ. մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է»։
Օր մը, Ճեմարանի աւարտական հանդէսին, շրջանաւարտներուն վկայականները բաժնելէ առաջ, յայտարարեր է.«Ամենանշանաւոր մարդէն իսկ մահը ԱՆՈՒՆ ՄԸ կը ձգէ միայն. երկու խեղճ բառերու մէջ ամփոփուած անուն մը։ Ինչ որ կը մնայ անմահ եւ կը դիմանայ դարերու աւերին՝ատիկա մարդուս ԳՈՐԾՆ Է»։
Մ. Իշխան կը վկայէ տակաւին, թէ ամէն անգամ որ հանդիսաւոր առիթով մը Շանթի բարեկամները «երկար կեանք» կը մաղթէին իրեն, ան ժպտերես դէմքով կը պատասխանէր.
-Աշխատելու կարողութի՛ւն մաղթեցէք. աշխատանքէ զրկուած ապրիլը անիմաստ է։ Կ’ուզեմ մեռնիլ այն օրը՝ որ չկարենամ աշխատիլ։
Կա՞ն հիմա այս որակով ու նկարագրով ուսուցիչներ։ Եւ կա՞ն այս որակով (իմա՝ Մ. Իշխանի որակով) աշակերտներ, որոնք կարենան երկու հարիւր էջերու երկայնքին պանծացնել իրենց երեւելի ուսուցիչները…։
Որքա՜ն աղքատացած ենք հիմա…։
Խունկ եւ ծաղիկներ՝ մեր մեծանուն ուսուցիչներուն շիրիմներուն։
Լեւոն Շառոյեան