«Երկիր».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Վրաստանի մէջ 11 Յուլիսին մեկնարկած Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակին եւ վերջին տասնամեակին գրանցուած ձեռքբերումներու ամփոփման նուիրուած Պաթումի 16-րդ միջազգային համաժողովին յայտարարած է, որ Թուրքիա կը մերժէ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ կը շարունակէ Հայաստանի շրջափակման քաղաքականութիւնը, որ կ’ուղեկցի արդարութեան ժխտողականութեամբ. սա անվտանգութեան սպառնալիք է Հայաստանի համար:
Համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկած են Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալկալիան, Վրաստանի վարչապետ Մամուկա Բախտաձէն, ինչպէս նաեւ երկրի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշուիլի: Եւրոպական Խորհուրդին անունով ելոյթ ունեցած է վերջինիս նախագահ Տանըլտ Թուսքը` «Եւրոպան նոր տասնամեակի նախաշեմին» խորագիրով:
Հայաստանի ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան ելոյթ ունեցած է երրորդ նստաշրջանին` «Արեւելեան գործընկերութիւնը, որպէս ժողովրդավարական փոխակերպման գործօն» խորագիրը կրող քննարկումին:
Արեւելեան գործընկերութեան, որպէս ժողովրդավարութեան խթանման ուղղուած նախաձեռնութեան նախարար Մնացականեան յայտնած է, որ Արեւելեան գործընկերութիւնը պարզապէս Եւրոպական հարեւանութեամբ բնորոշուող ինչ-որ տարածաշրջան չէ, այլ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած Եւրոպայի մասն է: «Անոնք մեր ընդհանուր արժէքներն են․ արժէքներ, որոնք մենք ընտրեցինք որպէս մեր պետականակերտման հիմք 1991թ. անկախութեան հռչակման առաջին օրուընէ: Երբ մենք օրինագիծ կը մշակենք, կ’ուղարկենք Վենետիկի յանձնաժողով, ոչ թէ այլ կառոյց, քանի որ մենք կը միտինք դիտարկել այդ օրինագիծի համապատասխանութիւնը եւրոպական չափանիշերով: Եւրոպական Միութիւնը 28 տարի շարունակ եղած է Հայաստանի համապարփակ անվտանգութեան ճարտարապետութեան հիմնասիւներէն մէկը ժողովրդավարական կառոյցներու ամրապնդման, արժէքներու ներդրման տեսանկիւնէն», յայտնած է ՀՀ ԱԳ նախարարը:
Ան կարեւոր համարած է հանրային կառոյցներուն դերը` արժէքները կիրառական դարձնելու առումով: Նախարարի խօսքին համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը իր շարունակական աջակցութեամբ եւ ամուր հիմնարկներու կառուցման մէջ ներգրաւուածութեամբ ստանձնած է Հայաստանի մէջ իրապէս ուժեղ ժողովրդավարութիւն կառուցելու իմաստով կարեւոր գործընկերոջ դերը, որ կը համընկնի ԵՄ համագործակցութեան առանցքին:
«ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի մասին է: 2018 թ. Ապրիլին եւ Մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցոյց տուին Հայաստանի կառոյցներու ուժը եւ կարողութիւնը` արձագանգելու նմանօրինակ փոփոխութիւններու եւ մեզ բարձրացնելու ժողովրդավարութեան զարգացման առաւել բարձր մակարդակի: Սա կարելի չէր մէկ օրուան մէջ ընել. սա տարիներու ընթացքին պետական կառոյցներու, քաղաքացիական հասարակութեան, մամուլի ամրապնդման արդիւնք էր», շեշտած է ՀՀ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը: Իր խօսքին մէջ Զոհրապ Մնացականեան արձանագրած է, որ առկայ են ժողովրդավարութեան յետընթացի, մարդու իրաւունքներու արժեզրկման միտումներ, որ իրապէս մտահոգիչ է եւ միասնական ջանքերու գործադրում կ’ենթադրէ:
ԱԳ նախարար Մնացականեան դիտել տուած է, որ 2018-ը կարեւոր առաջընթացի տարի էր, բացառապէս Հայաստանի համար եւ որեւէ առնչութիւն չունէր աշխարհաքաղաքականութեան հետ․ իրողութիւն, որ դիւրին չէր գործընկերներուն ներկայացնելու առումով: Ան յայտնած է.«Մենք շատ համբերատար կ’անդրադառնայինք այս հարցին. Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը աշխարհաքաղաքական զարգացում չէ: Պէտք չէ փորձել ինչ-որ արտաքին ենթահող փնտռել Հայաստանի ներքին քաղաքական գործընթացներուն մէջ, քանի որ անոնք պարզապէս չկան»:
Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու անվտանգութեան մարտահրաւէրին համար Հայաստանի ԱԳ նախարարը ըսած է. «Հայաստանի համար Թուրքիան կը հանդիսանայ անվտանգութեան սպառնալիք: Արդէն 27 տարի է, որ Թուրքիան կը մերժէ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ կը շարունակէ Հայաստանի շրջափակման քաղաքականութիւնը, որ կ’ուղեկցի արդարութեան ժխտողականութեամբ. սա անվտանգութեան սպառնալիք է մեզի համար»:
Իր ելոյթով նախարար Մնացականեան յոյս յայտնած է, որ ընդհանուր եւրոպական արժէքները չեն ստորադասեր նոր գործընկերներ, նոր հնարաւորութիւններ, զանազանութեան ուղիներ փնտռելու ճանապարհին, եւ ԵՄ-ը անսասան կ՚ըլլայ զանոնք պահպանելու իր սկզբունքային դիրքորոշման մէջ:
Նախարար Մնացականեան ընդգծած է նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան առաջնահերթ կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անհնար է հաշուի չառնել անոնց դերակատարութիւնը, քանի որ անոնք հանրային քննարկման եւ որոշումներու կայացման անբաժան մաս կը կազմեն. «Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին մէջ մենք որդեգրած ենք ընդհանուր քննարկումներ կատարելու նոր աշխատելաոճ` քաղաքացիական հասարակութեան լայն ներգրաւումով»: