Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019 թուականը Արամ Ա. կաթողիկոսին կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող օր մը դարձաւ, երբ վեհափառը անցաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոս` այցելելու համար հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոնները:

Վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, այցելեց Նիկոսիոյ թրքական բաժինին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին, նոյն շրջափակին մէջ գտնուող Ազգային առաջնորդարանը եւ Մելիքեան-Ուզունեան դպրոցը: Թրքական ներկայութիւնը զգալի էր ընդհանրապէս հայկական թաղամաս դարձած շրջանին եւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Ապա, վեհափառ հայրապետը ուղղուեցաւ շուրջ ժամ մը անդին գտնուող Ս. Մակարայ վանք: Ժ. դարուն պատկանող յիշեալ վանքը հաստատուած է Հալեվկա նահանգին ծայրամասը, Փենտաքթիլոս լեռներու լանջին` պատմական Կիլիկիոյ դիմացը: Աւելի քան 12 քառ. քմ լեռնալանջէն մինչեւ ծովեզերք տարածութիւն ունեցող գեղեցիկ բնութեան ծոցին գտնուող Ս. Մակարայ վանքը եղած է հոգեմտաւոր մշակոյթի կեդրոն` հարուստ ձեռագիրներով, իքոններով ու սրբապատկերներով: 1974-ին Կիպրոսի վրայ կատարուած թրքական յարձակումին պատճառով, Ս. Մակարայ վանքը ո՛չ միայն գրաւուած է թրքական բանակին կողմէ, այլ նաեւ քանդուած, աւերուած ու թալանուած է: Վանքը, որ դարձած է դարեր շարունակ ուխտագնացութիւններու կեդրոն, այսօր կը գտնուի կիսաքանդ վիճակի մէջ` ամայութեան գիրկը ծուարած:

Վեհափառ հայրապետը յուզումով շրջեցաւ կիսափուլ վանքին մէջ` մօտէն ծանօթանալով վանականներու խուցերուն, ձեռագրատան, մատրան եւ վանական այլ բաժանմունքներուն: Արդարեւ, Ս. Մակարայ վանքին մէջ պարզուած տեսարանը չի կարօտիր մեկնաբանութեան: Ան պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ թուրքը անցած է, ինչպէս Կիլիկիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մեր վանքերէն, եկեղեցիներէն ու հողերէն, նաեւ Ս. Մակարայ վանքէն…