Հինգշաբթի, 11 Յուլիսի երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութէնէն ժամանած մարդասիրական առաքելութեան երկրորդ խումբի ականազերծման մասնագէտները Հալէպի ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս հանդիպում մը ունեցան ՍԵՄ-ի երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն հետ:

Հայրենի մասնագէտները երիտասարդներուն հանգամանօրէն բացատրեցին ականներու տեսակներն ու անոնցմէ պաշտպանուելու ձեւերը։