Հինգշաբթի, 11 Յուլիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Վարչութիւնը շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Թեմիս Առաջնորդին՝ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի: Վարչական կազմը իր ուրախութիւնը յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդին գալուստին առիթով, մաղթելով բարեյաջող առաքելութիւն: Տեսակցութեան ընթացքին Եղբայրակցութեան գործունէութեան եւ ծրագրերուն մասին ամփոփ տեղեկութիւններ հաղորդուեցաւ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնաբեր խօսքերով խրախուսեց եղբայրակցութեան վարչականները, դիտել տալով Աւետարանի ուսուցումներուն, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն անժամանցելի ըլլալը, միաժամանակ անոնց ներգործող ուժականութիւնը հաւատացեալներուն կեանքէն ներս: Սրբազան Հայրը շեշտեց նաեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը, որուն ճամբով նոր հորիզոններ կը բացուին եւ ազգօգուտ պատկերացումներ իրագործելի կը դառնան: