Բոլոր մայրերը, կը խորհիմ, իմ մօրս պէս, իրենց զաւակներուն պատմած են դպրոցական կեանքի մասին, նախքան անոնց դպրոց յաճախելը: Մօրս պատմածը հեքիաթի նման էր: Մանուկ տարիքիս դպրոցը սիրելի վայր մը եղած է ինծի համար: Բայց երբ փոքր էի, դժուարութիւն կ’ունենայի վարժուելու դպրոցական ընկերային մթնոլորտին, որովհետեւ չէի ուզեր բաժնուիլ տունէն:
Որչափ մեծցայ, այնքան համոզուեցայ որ միայն տունը չէ այն վայրը, ուր մանուկը կը մեծնայ ու կը սորվի, այլ նաեւ դպրոցը շատ մեծ դեր կը խաղայ աշակերտը կեանքին համար պատրաստելու՝ անոր տալով ուսում եւ կրթութիւն:
Կամաց – կամաց դպրոցական ընկերային կեանքին ա՛լ աւելի ընտելացայ: Դպրոցը եղաւ առաջին վայրը, ուր ես ունեցայ իմ առաջին ընկեր-ընկերուհիներս եւ շատ լաւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք հոգիով ու սրտով ամէնէն դժուար նիւթերն ալ սիրելի ու հասկնալի կը դարձնէին մեզի։ Դասարան առ դասարան անոնք բացին մեր առջեւ կեանքին գեղեցիկ բաները, գիտութեան գաղտնիքները, սորվեցուցին լեզուներ: Անոնք միայն ցերեկը չէ, այլ գիշերն ալ խառնեցին ցերեկին, որպէսզի պատրաստեն ապագայի ուսեալ եւ տիպար մարդիկը:
«Դպրոցը ձեր երկրորդ տունն է», դպրոցի մասին ամէնէն սիրած խօսքս ասիկա է: Ինծի համար իսկապէս այդպէս է: Դպրոցական կեանքս որքան կը մօտենայ աւարտին, ես կ’ուրախանամ որ ինծի կը սպասեն նոր կեանքի նոր փորձառութիւններ, նոր շրջանակ, նոր ընկերներ, բայց կը մտածեմ նաեւ, թէ ուրիշ ո՞ւր կարելի է գտնել դպրոցական կեանքին նման անուշ կեանք:
Շա՜տ կը փափաքիմ մանկանալ, եւ կրկին անգամ դպրոց յաճախել: Դպրոցական կեանքս նորէն ապրիլ: Ափսոս որ ժամանակը չենք կրնար ետ դարձնել եւ նորէն մանկապարտէզէն սկսիլ:
Կ’ուզեմ ըսել բոլոր աշակերտներուն, յարգը պէտք է գիտնալ դպրոցական ամէն մէկ օրուան, որովհետեւ անոնք անկրկնելի են ու անչափ անուշ:
Զուլալ Պոյմուշագեան
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան,
ԺԲ. կարգ , 14-3-2014
Ծնթ.: Զուլալ ներկայիս Հայաստանի մէջ արաբագիտութեան ճիւղի մագիստրոսի ուսանողուհի է: Ան ջութակահար է նաեւ: