ՏԵՂԱԿԱՆ

ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԸԹԻՆ

Կիրակի, 7 Յուլիսին, Լաթաքիոյ Հըթին ակումբի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ յառաջիկայ օրերուն խումբ պիտի վերադառնայ կազմի նախկին խաղցող Մարտիկ Մարտիկեան: Աղբիւրին համաձայն, Մարտիկեանի հետ բանակցութիւնները յաջողութեամբ պսակուած են եւ ան 7 տարի արհեստավարժ կեանք անցընելէ ետք, պիտի վերադառնայ մայր ակումբ:

Աւելցնենք, որ Մարտիկ արհեստավարժական շրջան մը անցուց Իրաքի Նաֆթ, Օմանի Ֆինճաա, Յորդանանի ալ Ճազիրա, Պահրէյնի Ռիֆահ եւ Քաթարի ալ Արապի խումբերուն հետ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԽԱՐՔՈՎԻ ՄԷՋ 3 ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼԻ ՏԻՐԱՑԱՒ 

Հայաստանի կռփամարտի դաշնակցութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի Բ. կարգի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացած են 3 ոսկի մետալի:

Աւարտականի մրցումներէն յաղթական դուրս եկած են Ռուտոլֆ Գարբոյեան (49 քկ.), Արթուր Սահակեան (56 քկ.) եւ Արմէն Մանուկեան (69 քկ.):

Մանուկեան աւարտականին յաղթած է իր խմբակիցին՝ Արսէն Գրիգորեանին:

Նոյն մրցաշարքին պրոնզէ մետալներու տիրացած են Սիսակ Բադոյեան (52 քկ.), Արարատ Յարութիւնեան (64 քկ.) եւ Մկրտիչ Մանուկեան (գերծանր կշիռք):

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ԱՐԻԷՆ ՌՈՊԷՆ ԵԶՐԱՓԱԿԵՑ ԻՐ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

Հոլանտայի հաւաքականի եւ Պայերն Միւնեխի նախկին կիսապաշտպան Արիէն Ռոպէն անցեալ շաբթուան աւարտին յայտարարեց, որ պիտի դադրի ֆութպոլ խաղալէ: Միւնիխեան ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Ռոպէնին՝ ակումբէն ներս ունեցած իր ծառայութիւններուն համար:«Այսօր աւարտին հասաւ ֆութպոլի երիցագոյն խաղցողներէն մէկուն ներկայութիւնը մարզադաշտ: Շնորհակալութիւն ամէն բանի համար, Արիէ՛ն», թուիթըրեան գրառումով յայտնեց Պաւարիոյ պաշտօնական էջը։ Ռոպէնը 2009-էն սկսեալ մաս կը կազմէ Պաւարիոյ խումբին։ 2013-ին միւնիխեան ակումբին հետ ան նուաճեց «Չեմփիընզ լիկ»ի գաւաթը։ Եզրափակիչին 2-1 արդիւնքով ան պարտութեան մատնեց Պորիսիա Տորթմոնտը:

ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ՖՐԷՆՔԻ ՏԷ ԻՈՆՔԻՆ

Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան ներկայացուց խումբի նորեկ, հոլանտացի կիսապաշտպան Ֆրէնքի տէ Իոնքին։ Պաշտօնական շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ օր: Պարսելոնան 22-ամեայ ֆութպոլիստին համար վճարեց 75 միլիոն եւրօ: Այդ գումարը հաւանաբար աւելնայ 11 միլիոնով, եթէ ֆութպոլիստը լաւագոյնը տայ, խաղ եւ մրցանակներ նուաճէ: Տէ Իոնքիի փոխադրութեան գումարը 5-րդն է Պարսելոնայի պատմութեան մէջ: Անոր կը նախորդեն պրազիլցի Ֆիլիփէ Քոթինիօն (130 միլիոն եւրօ), ֆրանսացի Ուսման Տեմփէլէն (120 միլիոն եւրօ), պրազիլցի Նէյմարը (88,2 միլիոն եւրօ) եւ ուրուկուէյցի Լուիս Սուարէզը (81,72 միլիոն եւրօ)։

ՔՈՆՄԵՊՈԼ ԿՐՆԱՅ 2 ՏԱՐԻՈՎ ՄԵՍՍԻՆ ՊԱՏԺԱԿԱՆ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿԵԼ

Արժանթինի հաւաքականի աւագ Լիոնէլ Մեսսի ՔՈՆՄԵՊՈԼ-ի հասցէին ուղղած իր բողոքներուն եւ մեղադրանքներուն համար կրնայ երկու տարիով պատիժի ենթարկուիլ: Ըստ սպանական AS-թերթին, Լիոնէլ Մեսիի յայտարարութիւնները պատճառ պիտի դառնան, որ ան պատժուի որոշ շրջանի մը համար: Եթէ 32-ամեայ ֆութպոլիստը ստանայ առաւելագոյն պատիժը, ան ազգային հաւաքականին հետ պիտի չկարենայ մաս կազմել Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի աշխարհի առաջնութեան ընտրական փուլի մրցումներուն եւ 2020-ի Ամերիկայի բաժակի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Արժանթինի եւ Քոլոմպիոյ մէջ: Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի բաժակի խաղերու կիսեզրափակիչ փուլին Պրազիլի հետ խաղի պարտութենէն ետք (0-2) Մեսսի քննադատեց հանդիպման մրցավարները, որոնք ամբողջ խաղի ընթացքին չէին օգտուած VAR -ի համակարգէն։

ՉԵԼՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉԸ

Անցեալ շաբթուան կիսուն, անգլիական Չելսի խումբը պաշտօնապէս ներկայացուց խումբին նորանշանակ մարզիչ, նախկին խաղցող Ֆրանք Լամպարտը, որ փոխարինեց նախկին իտալացի մարզիչ Սարին: Վերջին շրջանին Լամպարտ կը մարզէր անգլիական Տերպի Քաունթը: Ըստ Չելսիի լուրերուն, Լամպարտ յառաջիկայ օրերուն հանդիպումներ պիտի ունենայ Չելսիի սեփականատէր Իպրահիմովիչի հետ, կազմի նոր խաղցողներու անունները ուսումնասիրելու համար: Տեղին է յիշել, որ Լամպարտ որպէս խաղցող Չէլսիի հետ արժանացած է 11 տիտղոսի: 13 տարուան ընթացքին, ան անգլիական խումբին հետ 211 կոլ նշանակած է:

Ռաֆֆի Սիւլահեան