«Հայերն Այսօր».- Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտասի 150-ամեակները ԻՒՆԵՍՔՕ-ն ներառած է հռչակաւոր մարդոց 2018-2019 թթ. Օրացոյցին մէջ: Հոլանտայի հայկական համայնքները այս առնչութեամբ զգալի աշխատանքներ կատարած են՝ տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպելով մեր մեծերուն նուիրուած զանազան ձեռնարկներ։

Հոլանտացի գրասէր հասարակութեան մեր մեծերը ներկայացուցած էր նաեւ Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը: Տարեսկիզբին դեսպան Տիգրան Բալայեան` հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ մշակութային եւ կրթական հարցերու քննարկման ընթացքին խոստացաւ այս ուղղութեամբ գործնական քայլերու ձեռնարկել:
«Հոլանտական օրագիր»ի տեղեկութեան համաձայն, Թումանեանի հեքիաթներու հոլանտերէն հրատարակութեան նախագիծը աշխատանքի փուլի մէջ է: Թարգմանութիւնը կատարած է հոլանտացի հայագէտ Աննա Մարիա Մաթար, գիրքը ներառուած է «Rubinstein» հրատարակութեան աշնանային հրատարակութիւններու ցանկին մէջ:
Նախագիծի իրականացման աջակցած է Ամսթըրտամի ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Ռոպերթ Զիք: Թարգմանութիւնը կատարուած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզանքի նախարարութեան օժանդակութեամբ:
Թումանեանի հեքիաթներուն հոլանտերէն տարբերակը հասանելի պիտի ըլլայ Հոլանտայի գրախանութներուն եւ գրադարաններուն մէջ: Այսպիսով, Թումանեանի ստեղծագործութիւնները, ի թիւս այլ լեզուներու, շուտով լոյս պիտի ընծայուին նաեւ հոլանտերէնով: