«Ապառաժ».- 12 Յուլիսին, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Արցախի արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեանի հետ՝ մանրամասնօրէն քննարկելու համար առաջին ընթերցումով ընդունուած Արցախի Ընտրական օրէնսգիրքին եւ կուսակցութիւններու մասին օրէնքի նախագիծերը, որպէսզի բանաւոր կերպով ներկայացնեն խմբակցութեան առաջարկները եւ միտքեր փոխանակեն շարք մը այլ հարցերու շուրջ:
«Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները Արարատ Դանիէլեանի հետ նաեւ միտքեր փոխանակեցին Ազգային ժողովի կազմը հաստատող եւ նախագահի պաշտօնին առաջադրուելուն առնչութեամբ օրէնսդրական սահմանումներուն շուրջ:
Արցախի արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեան ներկայացուած առաջարկներուն պատասխանելով ըսաւ, որ կը բաժնէ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներուն մտահոգութիւնները՝ աւելցնելով, որ խմբակցութեան առաջարկներուն մէկ մասը պիտի ընդունուի, իսկ միւս մասին ընդունման համար պիտի կատարուի միջազգային փորձառութեան ուսումնասիրութիւն:
«Շատ ցաւալի է, որ խորհրդարանի միւս քաղաքական ուժերը իրեն մատներուն արանքով կը նային օրէնքի նախագիծերուն՝ հանդիպումներ չեն նախաձեռներ, առաջարկութիւններով հանդէս չեն գար», ըսաւ Դանիէլեան՝ մտահոգութիւն յայտնելով խորհրդարանին մէջ ներկայացուած այլ քաղաքական ուժերու կրաւորականութեան նկատմամբ։